Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛առաջարկէ  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատել

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատել

Եւրոպական միութեան ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ գումարած ժողովին ընթացքին կոչ ուղղած են` Ռուսիոյ դէմ հաստատելու նոր պատժամիջոցներ` ի պատասխան միութեան անդամ երկիրները կայքահէն յարձակումներու ենթարկելու ռուսերու գործելակերպին: Բրիտանիան եւ Հոլանտան շաբաթներ առաջ ներկայացուցած են տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Ռուսիոյ զինեալ ուժերու գլխաւոր վարչութեան գործակալները, այս տարուան ապրիլին փորձած են կտրել Լա Հէյի մէջ տեղակայուած քիմիական զէնքի արգիլման միջազգային կազմակերպութեան կայքը: Եւրոպական միութեան...

Այսօր Ազրպէյճան Այցելութեան Նախօրեակին.  «Միջազգային Ներում»-ը Պոլթընին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաքուէն Պահանջելու Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումները Դադրեցնել

Այսօր Ազրպէյճան Այցելութեան Նախօրեակին. «Միջազգային Ներում»-ը Պոլթընին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաքուէն Պահանջելու Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումները Դադրեցնել

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթընի` այսօր Ազրպէյճան այցելութեան նախօրեակին, «Միջազգային ներում» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը անոր կոչ ուղղած է` Իլհամ Ալիեւի վարչակազմէն մարդու իրաւունքներու ոտնահարման դադրեցումը պահանջելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Միջազգային Ներում»-ը Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարին հասցէագրուած յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ Ալիեւի վարչակազմը պարբերաբար կ՛ոտնահարէ խօսքի ազատութիւնը, կը վերահսկէ բոլոր հիմնական լրատուամիջոցները, բռնութեան...

Նախկին Խորհրդային Միութեան Տարածքի  Շարք Մը Ուղղափառ Եկեղեցիներ Խզած Են  Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Հետ Կապերը

Նախկին Խորհրդային Միութեան Տարածքի Շարք Մը Ուղղափառ Եկեղեցիներ Խզած Են Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Հետ Կապերը

Նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ գործող շարք մը ուղղափառ եկեղեցիներ` զօրակցութիւն յայտնելով Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ, խզած են Կոստանդնուպոլսոյ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան հետ կապերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ռուս ուղղափառ եկեղեցին այդ քայլին դիմած էր այս շաբթուան սկիզբը, երբ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոսը որոշած էր արտօնել Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ ռուսական եկեղեցիէն անկախացումը: Ղազախստանի, Պիելոռուսիոյ, Տաճիկիստանի եւ Խըրխըզիստանի մէջ...

«Խաշոկճիի Շուրջ Հետաքննութեան  Արդիւնքը Թափանցիկ  Կերպով Պիտի Բացայայտենք»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Խաշոկճիի Շուրջ Հետաքննութեան Արդիւնքը Թափանցիկ Կերպով Պիտի Բացայայտենք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման հարցով ձայնագրութիւնները չէ յանձնած Միացեալ Նահանգներուն: Չաւուշօղլու երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, թէ Թուրքիա Խաշոկճիի անհետացման շուրջ հետաքննութեան արդիւնքը թափանցիկութեամբ պիտի յայտարարէ աշխարհին: «Թուրքիան ձայնագրութիւն չտուաւ Միացեալ Նահանգներուն», ըսաւ ան: Միւս կողմէ, ըստ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, գոյութիւն ունի ծրագիր մը, որուն համաձայն,...

Պոլսոյ Մէջ Սուրիոյ Հարցով Քառակողմ  Վեհաժողովը` 27 Հոկտեմբերին

Պոլսոյ Մէջ Սուրիոյ Հարցով Քառակողմ Վեհաժողովը` 27 Հոկտեմբերին

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ 27 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ հարցով քառակողմանի վեհաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն: Քալըն յայտնեց, որ չորս երկիրներու ղեկավարները վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննեն գետնի վրայ Սուրիոյ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Իտլիպի շուրջ համաձայնութեան եւ...

Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Խստացման  Օրինագիծը Հրապարակուած Է  Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Կայքին Վրայ

40 Քոնկրեսականներ Թրամփին Կոչ Կ՛ուղղեն` Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Խիստ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 40 անդամներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղեցին` սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման հարցով խիստ պատժամիջոցներ հաստատելու Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Քոնկրեսականները իրենց միացեալ նամակին մէջ յայտնեցին, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ փաստեր, «որոնք ցոյց կու տան, թէ սէուտական կառավարութիւնը կազմակերպեց Ժամալ Խաշոկճիի ահաբեկումը»: Ներկայացուցիչներու տան անդամները իրենց նամակին մէջ նշեցին, որ կը միանան Ծերակոյտի...

Տը Միսթուրա Նոյեմբերի  Վերջաւորութեան Պիտի Հրաժարի

Տը Միսթուրա Նոյեմբերի Վերջաւորութեան Պիտի Հրաժարի

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա նոյեմբերին պիտի լքէ իր պաշտօնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ տը Միսթուրա այս մասին յայտարարելէ ետք, իր որոշումը հիմնաւորած է բացառապէս անձնական պատճառներով: Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակը նաեւ աւելցուցած է, որ հակառակ սուրիական բանակի յառաջխաղացքին, կարելի չէ տեւական խաղաղութիւն ապահովել, եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չընդունի ՄԱԿ-ի կողմէ առաջարկուող խաղաղութեան...

Փոմփէօ Թրամփին Կ՛առաջարկէ Հակադարձելէ  Առաջ Յաւելեալ Քանի Մը Օր Տալ Ռիատին

Փոմփէօ Թրամփին Կ՛առաջարկէ Հակադարձելէ Առաջ Յաւելեալ Քանի Մը Օր Տալ Ռիատին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ ամերիկեան վարչակազմը Թուրքիայէն պահանջած է Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան շէնք մուտք գործելէ ետք անյայտացած ընդդիմադիր լրագրող, «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի թղթակից Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը ապացուցող տեսաձայնագրութիւնները, եթէ այդպիսիք կան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Թրամփ նշած է, որ գործին առնչութեամբ մանրամասն զեկուցում կը սպասէ Միացեալ...

Արեւմուտք-Սէուտական Արաբիա  Ճգնաժամը Կը Շարունակուի

Արեւմուտք-Սէուտական Արաբիա Ճգնաժամը Կը Շարունակուի

Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ լը Մեր սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման պատճառով ջնջած է իր մասնակցութիւնը Ռիատի ներդրումային խորհրդաժողովին: Այս մասին ան երէկ յայտարարած է «Փիւպլիք Սենա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Նախքան այդ, Միջազգային դրամական ֆոնտի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Քրիսթին Լակարտ յետաձգեց Միջին Արեւելքի երկիրներ իր ծրագրուած ուղեւորութիւնը եւ յայտարարած է, որ պիտի բացակայի Սէուտական Արաբիոյ մէջ...

Փութին. «Ռուսիան Սուրիոյ Հողերուն  95 Առ Հարիւրը Ազատագրեց  Եւ Պետութեան Քայքայումը Չարտօնեց»

Փութին. «Ռուսիան Սուրիոյ Հողերուն 95 Առ Հարիւրը Ազատագրեց Եւ Պետութեան Քայքայումը Չարտօնեց»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ` «Սուրիոյ մէջ մեր գործողութիւնները սկսանք ի միջի այլոց Ռուսիոյ համար ահաբեկչական սպառնալիքին պատճառով»` նշելով. «ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ մէջ կը պահէ պատանդներ, ներառեալ ամերիկացի եւ եւրոպացի քաղաքացիներ»: «Ռուսիան Սուրիոյ հողերուն շուրջ 95 առ հարիւրը ազատագրեց եւ պետութեան քայքայումը չարտօնեց», ըսաւ ան: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Թուրքիան չգործադրեց Իտլիպի մէջ ապազինեալ գօտիի ստեղծման առաքելութիւնը, սակայն կը նկատենք,...

Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարը Իսլամապատին  Կոչ Ուղղեց` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Մէջ  Իր Ապահովական Յանձնառութիւնները Գործադրելու

Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարը Իսլամապատին Կոչ Ուղղեց` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Մէջ Իր Ապահովական Յանձնառութիւնները Գործադրելու

Իրանի ներքին գործոց նախարար Ապտելռիտա Ռահմանի Ֆատլի Փաքիստանին կոչ ուղղեց` գործադրելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իր ստանձնած ապահովական պատասխանատուութիւնները եւ ջանք թափելու առեւանգուած իրանցի սահմանապահներու ազատ արձակման համար: Ան փաքիստանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու «չարերու» շարժումներուն, ինչպէս նաեւ հողերէն Իրանի իսլամական հանրապետութեան սահմանային կէտերուն դէմ յարձակումները կանխարգիլելու իր ստանձնած ապահովական յանձնառութիւններուն: Իրանի ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, թէ Իրանի...

Ազրպէյճանի Մէջ Լրտեսութեան Համար  Կասկածուող Օտարերկրացի Մը Ձերբակալուած Է

Ազրպէյճանի Մէջ Լրտեսութեան Համար Կասկածուող Օտարերկրացի Մը Ձերբակալուած Է

Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է երկրին մէջ օտարերկրեայ լրտեսի ձերբակալութեան մասին: Ծառայութենէն յայտնած են, որ օտարերկրացի Պահրամ Հասանզատէն օտար երկրի գաղտնի սպասարկութիւններուն պատուէրով լրտեսութիւն կատարած է «ի վնաս Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Պահրամ Հասանզատէն ձերբակալուած է ազրպէյճանական սահմանը ապօրինի կտրելու փորձի ժամանակ: Անոր դէմ յարուցուած են քրէական գործեր, ի միջի այլոց լրտեսութեան համար:...

«ՏԱՀԵՇ Աֆղանիստանի Հիւսիսը` Ռուսիոյ  Դաշնակիցներու Եւ Գործընկերներու  Սահմաններուն Մօտ Կը Հաստատուի»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«ՏԱՀԵՇ Աֆղանիստանի Հիւսիսը` Ռուսիոյ Դաշնակիցներու Եւ Գործընկերներու Սահմաններուն Մօտ Կը Հաստատուի» Կ՛ըսէ Լաւրով

ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամները կը հաստատուին Աֆղանիստանի հիւսիսը` Ռուսիոյ դաշնակիցներու եւ գործընկերներու սահմաներուն մօտ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Նախարարը ընդգծած է, որ Մոսկուան աւելի յաճախ կը ստանայ տուեալներ ամերիկացիներու կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները Իրաք եւ Աֆղանիստան տեղափոխելու մասին: Ըստ անոր, Մոսկուայի մտավախութիւնը առնչուած է այն իրողութեան, որ փաստերը...

«Ուաշինկթըն Կրնայ Թուրքիոյ Դէմ  Հաստատուած Որոշ Տնտեսական  Պատժամիջոցներ Ջնջել»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Ուաշինկթըն Կրնայ Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Որոշ Տնտեսական Պատժամիջոցներ Ջնջել» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Անգարայէն վերադարձի ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ջնջել Թուրքիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական որոշ պատժամիջոցներ` հաստատելով, որ անոնք էապէս կապուած էին Թուրքիոյ մէջ 2016-էն ի վեր կալանքի տակ պահուած ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի արտայանձնման հետ: Յիշեցնենք, որ Պրանսըն ազատ արձակուեցաւ եւ Միացեալ...

«Թուրքիան Չափազանց Մեծ Կարեւորութիւն  Կ՛ընծայէ Մոլտովայի Հողային Ամբողջականութեան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Չափազանց Մեծ Կարեւորութիւն Կ՛ընծայէ Մոլտովայի Հողային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան չափազանց մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Մոլտովայի հողային ամբողջականութեան, եւ վճռակամ է կանգնելու Կակաոզիոյ հանրապետութեան մէջ իր համայնքի զաւակներուն կողքին»: «Մոլտովայի հողային ամբողջականութիւնը Թուրքիոյ համար չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, եւ յայտնեցինք, որ անցեալին նման մեր համայնքի զաւակներուն կողքին պիտի կանգնինք», ըսաւ ան: Էրտողան յայտնեց, որ իրենց...

Միացեալ Նահանգներ Պատժամիջոցներ  Հաստատած Են Իրանեան Քսան  Ընկերութիւններու Եւ Դրամատուներու Դէմ

Միացեալ Նահանգներ Պատժամիջոցներ Հաստատած Են Իրանեան Քսան Ընկերութիւններու Եւ Դրամատուներու Դէմ

Միացեալ Նահանգներ ընդլայնած են Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ցանկը: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած տուեալները: Նոր պատժամիջոցներ հաստատուած են քսան ընկերութիւններու եւ դրամատուներու դէմ, որոնք, ըստ ամերիկեան կողմին, ելեւմտական աջակցութիւն կը տրամադրեն «Պասիժ» կիսառազմական կազմակերպութեան, որ մաս կը կազմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին: Իրանի Կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ապտոլնասեր Հեմաթի նախապէս...

Փոմփէօ Անգարայի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Էրտողանի Հետ

Փոմփէօ Անգարայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Էրտողանի Հետ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութենէն ետք ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Էսենպողա» միջազգային օդակայանին մէջ` Էրտողանի Մոլտովա մեկնելէն առաջ: Անգարայի մէջ 35 վայրկեան տեւած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, Թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ...

Խրիմի Մէջ Ական Մը Պայթեցաւ

Խրիմի Մէջ Ական Մը Պայթեցաւ

Խրիմի Քերչ քաղաքի քոլեճին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 13 զոհեր եւ շուրջ 50 վիրաւորներ, որոնցմէ 20-ը հիւանդանոց տեղափոխուեցան: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ տեղի ունեցած պայթումին հարցով կը քննուի ահաբեկչութեան վարկածը: «Նախագահին Քերչի մէջ տեղի ունեցածին մասին զեկուցած են տարբեր ծառայութիւններ: Զոհերու եւ վիրաւորներու վերաբերեալ տուեալները մշտապէս կը ճշդուին», ըսաւ ան: Փեսքով նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ...

Թրքական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ  Պատրիարքը Դատ Բացած Է Կոստանդնուպոլսոյ  Պատրիարքարանին Դէմ

Թրքական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը Դատ Բացած Է Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքարանին Դէմ

  Թրքական ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանը դիմած է Պոլսոյ դատախազութիւն` պահանջելով քրէական գործ յարուցել Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Իսթանպուլկերչեկի» կայքը` վկայակոչելով եկեղեցւոյ բանբեր Սեւկի Էրեներոլը, որ նաեւ պատրիարքին դուստրն է: Թուրք ուղղափառները կը մեղադրեն յունական պատրիարքարանը իր լիազօրութիւններէն դուրս գործողութիւններու եւ Լոզանի դաշինքի խախտումին յանցանքով: Ըստ Էրեներոլի, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին գործողութիւնները կրնան դառնալ շրջանի երկիրներուն, մասնաւորաբար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ...

Ուաշինկթըն Նոր Պատժամիջոցներ  Կը Պատրաստէ Սուրիոյ Մէջ Գործող Ռուսական  Եւ Իրանեան Ընկերութիւններու Դէմ

Ուաշինկթըն Նոր Պատժամիջոցներ Կը Պատրաստէ Սուրիոյ Մէջ Գործող Ռուսական Եւ Իրանեան Ընկերութիւններու Դէմ

Ամերիկեան իշխանութիւնները կը մշակեն Իրանի դէմ պայքարի նոր ռազմավարութիւն մը, որ կրնայ ազդել նաեւ Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական ընկերութիւններուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին: Պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրներուն տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները տակաւին պատրաստ չեն Իրանի հետ ուղղակի բախումին, ուստի կը քննարկեն իրանեան իշխանութիւններուն վրայ գործադրուող քաղաքական եւ տնտեսական ճնշման ուժեղացման կարելիութիւնները:...

Page 573 of 884 1 … 572 573 574 … 884

Արխիւներ