Իրանի ներքին գործոց նախարար Ապտելռիտա Ռահմանի Ֆատլի Փաքիստանին կոչ ուղղեց` գործադրելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իր ստանձնած ապահովական պատասխանատուութիւնները եւ ջանք թափելու առեւանգուած իրանցի սահմանապահներու ազատ արձակման համար:
Ան փաքիստանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու «չարերու» շարժումներուն, ինչպէս նաեւ հողերէն Իրանի իսլամական հանրապետութեան սահմանային կէտերուն դէմ յարձակումները կանխարգիլելու իր ստանձնած ապահովական յանձնառութիւններուն:
Իրանի ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը ամենայն վճռականութեամբ դէմ կը դնէ «ահաբեկչական հաւատադրժողական ու չար խմբաւորումներուն»:
«Բոլոր ջանքերը պէտք է կեդրոնանան պատանդներու ազատագրման, ահաբեկիչներուն վճռականութեամբ դիմակայման եւ այսպիսի դառն ու ցաւալի դէպքերու կրկնութեան կանխարգիլման վրայ», ըսաւ ան:
«Երկկողմանի յարաբերութիւններու, բարի դրացնութեան սկզբունքի եւ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ապահովական համաձայնագիրներու ծիրին մէջ պէտք է արդիւնքի հասնելու համար անմիջապէս միացեալ գործողութիւններ կատարել», ըսաւ Իրանի ներքին գործոց նախարարը:



