Եւրոպական միութեան ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ գումարած ժողովին ընթացքին կոչ ուղղած են` Ռուսիոյ դէմ հաստատելու նոր պատժամիջոցներ` ի պատասխան միութեան անդամ երկիրները կայքահէն յարձակումներու ենթարկելու ռուսերու գործելակերպին:
Բրիտանիան եւ Հոլանտան շաբաթներ առաջ ներկայացուցած են տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Ռուսիոյ զինեալ ուժերու գլխաւոր վարչութեան գործակալները, այս տարուան ապրիլին փորձած են կտրել Լա Հէյի մէջ տեղակայուած քիմիական զէնքի արգիլման միջազգային կազմակերպութեան կայքը:
Եւրոպական միութեան նախաձեռնութեան մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է անդամ պետութիւններու ղեկավարներէն կազմուած Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական էջին վրայ:
Եւրոպական միութիւնը կը նշէ, որ անհրաժեշտ է ձեռնարկել միջոցներու` կայքահէններու յարձակումներուն հակազդելու եւ զանոնք արդիւնաւէտ կերպով կանխարգիլելու համար:



