Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ Անգարայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Էրտողանի Հետ

October 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութենէն ետք ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Էսենպողա» միջազգային օդակայանին մէջ` Էրտողանի Մոլտովա մեկնելէն առաջ:

Անգարայի մէջ 35 վայրկեան տեւած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, Թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի:

Չաւուշօղլու հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Փոմփէոյի հետ հանդիպումը «օգտակար եւ արդիւնաւէտ էր, եւ ան մեզի յայտնեց, թէ սէուտցիներուն յանձնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նամակը, ինչպէս նաեւ անոր մտահոգութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ երեքշաբթի օր Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսին բնակարանը` «անոր ընտանիքին այդտեղ գտնուելուն պատրուակով», չէ խուզարկուած:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց. «Ամերիկեան կողմին հետ փոխադարձ հասկացողութիւններ ունինք ո՛չ միայն Մընպեժի, այլ նաեւ Եփրատի արեւելեան ափին վերաբերեալ»:

Փոմփէօ Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպում ունեցած էր Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ եւ անոնց հետ քննարկած սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի` 2 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարան մուտք գործելէն ետք անհետանալու հարցը:

Փոմփէօ յայտնեց, որ սէուտական ղեկավարութիւնը խոստացած է «թափանցիկ հետաքննութիւն» կատարել եւ ոչ ոք խնայել, ներառեալ` արքայական տոհմի անդամները:

Նախագահ Թրամփ աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ եւ իշխանը նշած է, որ ինք որեւէ տեղեկութիւն չունի լրագրողի դէպքին վերաբերեալ եւ հերքած է միջադէպին իր մեղսակցութեան վարկածները:

«Եթէ հաստատուի, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը կամ գահաժառանգը տեղեակ են Խաշոկճիի հետ տեղի ունեցածէն, ապա ատիկա վատ պիտի ըլլայ», գրեց Թրամփ:

Նշենք, որ «Էսոշիէյթըտ Փրես» երէկ հաղորդեց, որ ըստ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, թուրք մասնագէտները Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանի խուզարկման ընթացքին Խաշոկճիի սպանութեան յստակ ապացոյց գտած են:

 

Նախորդը

Խրիմի Մէջ Ական Մը Պայթեցաւ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Պատժամիջոցներ Հաստատած Են Իրանեան Քսան Ընկերութիւններու Եւ Դրամատուներու Դէմ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.