«Արեւելեան Գործընկերութեան» Յաջորդ Վեհաժողովը Կրնայ Տեղի Ունենալ 2020-ին» Կ՛ըսէ Հան
Եւրոպական Միութեան եւ «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի երկիրներ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ յաջորդ վեհաժողովը կրնայ տեղի ունենալ 2020 թուականին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հանը` ամփոփելով Լիւքսամպուրկի մէջ վեց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները: «Ամէնէն հաւանականը այն է, որ անիկա...




















