Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ ամերիկեան վարչակազմը Թուրքիայէն պահանջած է Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան շէնք մուտք գործելէ ետք անյայտացած ընդդիմադիր լրագրող, «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի թղթակից Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը ապացուցող տեսաձայնագրութիւնները, եթէ այդպիսիք կան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Թրամփ նշած է, որ գործին առնչութեամբ մանրամասն զեկուցում կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն, որ 16-17 հոկտեմբերին գործին շուրջ քննարկումներու համար մեկնած էր Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա:
Լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք ինք պիտի զարմանա՞յ, եթէ սպանութիւնը ապացուցող ձայնագրութիւններ ի յայտ գան, Թրամփ ըսած է. «Ո՛չ: Վստահ չեմ` կա՞ն արդեօք այդպիսի ձայնագրութիւններ, թէ՞ ոչ: Եթէ կան` մենք պահանջած ենք զանոնք»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ յայտնեց. «Սէուտցիներուն եւ թուրքերուն յայտնեցի, որ Միացեալ Նահանգներ Խաշոկճիի անհետացման հարցը շատ լուրջի կ՛առնեն, եւ նախագահ Թրամփին յայտնեցի, որ պէտք է սէուտական իշխանութիւններուն հետաքննութեան համար յաւելեալ քանի մը օր եւս տալ` նախքան հակադարձելը»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի` Տիգրանակերտէն ընտրուած երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտնեց, որ Փոմփէօ Թուրքիա այցելած է` համոզելու համար երկրին իշխանութիւնները, որպէսզի անոնք չբացայայտեն անհետացած սէուտցի լրագրողին սպանութիւնը ապացուցող ձայնագրութիւնները:
«Թուրքիան հազիւ յայտարարեց, թէ ձայնագրութիւն ունի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը եկաւ համոզելու, որ Թուրքիան լուռ մնայ», ըսած է Փայլան` նշելով, որ լրագրողի անհետացման գործը քաղաքական առեւտուրի առարկայ դարձնելը ուղղակի անթոյլատրելի է:



