Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթըն Կրնայ Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Որոշ Տնտեսական Պատժամիջոցներ Ջնջել» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

October 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Անգարայէն վերադարձի ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ջնջել Թուրքիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական որոշ պատժամիջոցներ` հաստատելով, որ անոնք էապէս կապուած էին Թուրքիոյ մէջ 2016-էն ի վեր կալանքի տակ պահուած ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի արտայանձնման հետ:

Յիշեցնենք, որ Պրանսըն ազատ արձակուեցաւ եւ Միացեալ Նահանգներ վերադարձաւ 12 հոկտեմբերին:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ Փոմփէօ ընդգծած է, որ պատժամիջոցներու ջնջման վերաբերեալ վերջնական որոշումը տակաւին չէ տրուած, թէեւ այդպիսի քայլ մը Պրանսընի ազատ արձակումէն ետք շատ տրամաբանական պիտի ըլլար:

«Հիմա տրամաբանական պիտի ըլլար, եթէ անոնք ջնջուէին, սակայն վերջնական որոշում տակաւին չեն տուած», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Յիշեցնենք, որ Իզմիրի առանձնակի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը որոշում տուած է ջնջել ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի դէմ իբրեւ նախնական խափանման միջոց ընտրուած տնային կալանքն ու երկրէն դուրս գալու արգելքը:

Պրանսըն եւ անոր կինը, որոնք Իզմիրի մէջ կը ղեկավարէին քրիստոնէական աւետարանական եկեղեցի մը, կալանաւորուած են անցեալ տարեվերջին` գաղթի օրէնսդրութեան խախտման մեղադրանքով:

Աւելի ուշ պատուելիին մեղադրանք առաջադրուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձի համար մեղադրուող թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի «Հիզմեթ» խմբաւորման հետ կապեր ունենալու յանցանքով:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Չափազանց Մեծ Կարեւորութիւն Կ՛ընծայէ Մոլտովայի Հողային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«ՏԱՀԵՇ Աֆղանիստանի Հիւսիսը` Ռուսիոյ Դաշնակիցներու Եւ Գործընկերներու Սահմաններուն Մօտ Կը Հաստատուի» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.