Միջազգային

Թրամփ Ինքզինք  Ազգայնական Կը Նկատէ

Թրամփ Ինքզինք Ազգայնական Կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ինքզինք ազգայնական նկատած է` այդպիսով ինքզինք հակադրելով համաշխարհայնացման կողմնակիցներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ-ին: «Արմատական դեմոկրատները կ՛ուզեն իշխանութիւնը վերադարձնել փտած, իշխանութեան տենչով համակուած համաշխարհայնացման կողմնակիցներուն: Դուք գիտէ՞ք, թէ ովքեր են համաշխարհայնացումի կողմնակիցները: Համաշխարհայնացումի կողմնակիցը այն մարդն է, որ կ՛ուզէ գործերը լաւ ընթանան ամբողջ աշխարհին վրայ, աւելի ճիշդ ըսելով, չի մտահոգուիր իր սեփական...

Էրտողան Կ՛առաջարկէ Խաշոկճիի Սպանութեան  Մեղսակիցները Դատել Պոլսոյ Մէջ

Էրտողան Կ՛առաջարկէ Խաշոկճիի Սպանութեան Մեղսակիցները Դատել Պոլսոյ Մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական համախմբումին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ առաջարկեց սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան համար ամբաստանուող 18 սէուտցիները դատել Պոլսոյ մէջ` ընդգծելով. «Ոճիրը գործուեցաւ Պոլսոյ մէջ, ուստի կ՛առաջարկեմ 18 անձերէ բաղկացած խմբակը դատել Պոլսոյ մէջ»: Ան յայտնեց, որ երբ Խաշոկճիի ահաբեկման ոճիրին հարցը սկսաւ բացայայտուիլ, Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը փոխուեցաւ:...

«Ուաշինկթընի Կողմէ ՔԱԿ-ի Աջակցութիւնը  Հիմնական Պատճառն Է Յարաբերութիւններու  Լարուածութեան»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ուաշինկթընի Կողմէ ՔԱԿ-ի Աջակցութիւնը Հիմնական Պատճառն Է Յարաբերութիւններու Լարուածութեան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան հիմնական պատճառը Ուաշինկթընի կողմէ ՔԱԿ-ի տրամադրուող աջակցութիւնն է, եւ ոչ թէ պատուելի Անտրիւ Պրանսընի հարցը: «Միացեալ Նահանգներու` Պրանսընի հարցով, Թուրքիոյ դէմ հաստատած պատժամիջոցները անհեթեթ էին եւ որեւէ ազդեցութիւն կամ օգուտ չունեցան, այլ նպաստեցին երկու կողմերուն միջեւ լարուածութեան մագլցման», ըսաւ ան` նշելով, որ իր ամերիկացի...

Մոսկուայի Մէջ Իր Հանդիպումներուն Աւարտին.  Պոլթըն. «Սուրիոյ Մէջ Ուաշինկթընի  Եւ Մոսկուայի Միջեւ Համակարգումը Ընդլայնելու  Համաձայնութիւն Գոյացաւ»

Մոսկուայի Մէջ Իր Հանդիպումներուն Աւարտին. Պոլթըն. «Սուրիոյ Մէջ Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի Միջեւ Համակարգումը Ընդլայնելու Համաձայնութիւն Գոյացաւ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու աւարտին յայտարարեց. «Մոսկուայի մէջ ռուս պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներս շատ արդիւնաւէտ եւ մանրամասն էին»: «Ամերիկեան կողմը հետաքրքրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ Փարիզի մէջ հանդիպումով», ըսաւ ան: «Մոսկուայի մէջ հանդիպումները կը վերաբերէին երկու երկիրներուն միջեւ ամբողջ յարաբերութիւններուն եւ անոնց նպատակը...

Պոլսոյ Մէջ Քառակողմ Վեհաժողովին Ընթացքին  Տեղի Պիտի Ունենայ Նաեւ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Պոլսոյ Մէջ Քառակողմ Վեհաժողովին Ընթացքին Տեղի Պիտի Ունենայ Նաեւ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր, Պոլսոյ մէջ, Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու վեհաժողովի ծիրին մէջ, պիտի ունենան նաեւ առանձին երկկողմանի հանդիպում մը: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ Մոսկուայի մէջ գումարուած «Ռուսիա-Թուրքիա, բազմակողմանի գործընկերութեան ռազմավարական ուղղութիւններ» թեմայով խորհրդաժողովին ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան չորրորդ եւրոպական վարչութեան փոխտնօրէն...

Զգուշացնելով Ռուսիան Եւ Չինաստանը.  «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն  Զարգացնել Հիւլէական Զինանոցը, Քանի  Դեռ Մարդիկ Խելքի Չեն Եկած»  Կ՛ըսէ Թրամփ

Զգուշացնելով Ռուսիան Եւ Չինաստանը. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Զարգացնել Հիւլէական Զինանոցը, Քանի Դեռ Մարդիկ Խելքի Չեն Եկած» Կ՛ըսէ Թրամփ

  Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ հիւլէական զէնքեր արտադրել ու հարստացնել հիւլէական զինանոցը, քանի դեռ մարդիկ խելքի չեն եկած: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը` նշելով, որ նախազգուշացումը ուղղուած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանին: Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ Թրամփ այդ մասին ըսած է կիրակի օրուան աղմկայարոյց յայտարարութենէն ետք, երբ նշած էր, որ Միացեալ Նահանգներ...

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է «Պրեքզիթ»-ի  Վերաբերեալ Համաձայնագիրի Նախագիծէն  Ջնջել Ամէնէն Վիճելի Ձեւակերպումը

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է «Պրեքզիթ»-ի Վերաբերեալ Համաձայնագիրի Նախագիծէն Ջնջել Ամէնէն Վիճելի Ձեւակերպումը

Պրիւքսել կ՛առաջարկէ ջնջել «Պրեքզիթ»-ի մասին համաձայնագիրի նախագիծի ամէնէն վիճելի ձեւակերպումը, որ կը վերաբերի Հիւսիսային Իրլանտայի սահմանին` փորձելով փապուղիէն դուրս բերել Լոնտոնի հետ բանակցութիւնները: 23 հոկտեմբերին այս մասին յայտնեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով եւրոպացի դիւանագէտներ: Օրաթերթին տուեալներով` «Պրեքզիթ»-ի շուրջ Եւրոպական Միութեան գլխաւոր բանագնաց Միշէլ Պառնիէն «պատրաստ է (փաստաթուղթէն) ջնջել Հիւսիսային Իրլանտային առնչուող յղումները, որոնք կ՛ենթադրեն (Բրիտանիոյ այդ տարածաշրջանի) պահպանումը Եւրոպական Միութեան...

Չինաստանի Մէջ Գործարկած Են Աշխարհի   Ամէնէն Երկար Ծովային Կամուրջը

Չինաստանի Մէջ Գործարկած Են Աշխարհի Ամէնէն Երկար Ծովային Կամուրջը

Չինաստանի հարաւը 23 հոկտեմբերին պաշտօնապէս բացած են աշխարհի ամէնէն երկար ծովային կամուրջը, որուն երկարութիւնը 55 քիլոմեթր է եւ Հոնկ Քոնկը, Մաքաուն եւ Կուանտունի նահանգի Չժուհայ քաղաքը կը կապէ իրարու: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին: Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Չժուհայի մէջ` Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփինի եւ շուրջ 700 այլ...

«Կարս-Իգտիր-Նախիջեւան Երկաթուղիի Ս Տեղծման Նախագիծը  Կը Գտնուի Մշակման Փուլին Մէջ»  Կ՛ըսէ Թուրք Նախարարը

«Կարս-Իգտիր-Նախիջեւան Երկաթուղիի Ս Տեղծման Նախագիծը Կը Գտնուի Մշակման Փուլին Մէջ» Կ՛ըսէ Թուրք Նախարարը

Կարս-Իգտիր-Նախիջեւան երկաթուղիի ստեղծման նախագիծը կը գտնուի մշակման փուլին մէջ: Այդ մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախարար Մեհմետ Ճահիտ Թուրհան: «Ինչպէս յայտնի է, Կարս-Իգտիր-Նախիջեւան երկաթուղին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային նախագիծին շարունակութիւնն է», ըսած է թուրք նախարարը` նշելով, որ այժմ իրենք կը գտնուին ծրագիրի նախագծման ու աշխատանքներու նախապատրաստական փուլին մէջ: «Դէպի Նախիջեւան ու Իրան ելքով այս...

Տաւութօղլու Քննադատած Է Թուրքիոյ  Դպրոցներուն Մէջ «Թուրք Եմ, Ազնիւ Եմ,  Աշխատասէր Եմ» Աշակերտական Երդման  Վերականգնումը

Տաւութօղլու Քննադատած Է Թուրքիոյ Դպրոցներուն Մէջ «Թուրք Եմ, Ազնիւ Եմ, Աշխատասէր Եմ» Աշակերտական Երդման Վերականգնումը

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու քննադատած է երկրի դպրոցներուն մէջ աշակերտական երդման վերականգնումը: Ըստ անոր, ատիկա 1930-ական թուականներուն գործած բռնատիրական վարչակարգին ստեղծած պարտադրանքն էր, որ մեր օրերուն կիրարկելը անընդունելի է: «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ նախկին վարչապետը նշած է, թէ 2013 թուականին իրենք ջնջած են այդ պարտադրանքը` զայն համարելով մանկավարժական մեթոտաբանութեան ոչ յարիր, իսկ գործող իշխանութիւնները...

Էրտողան Այսօր Պիտի Բացայայտէ Խաշոկճիի  Հարցով «Ամբողջ Ճշմարտութիւնը».  Թրամփ-Էրտողան` Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Էրտողան Այսօր Պիտի Բացայայտէ Խաշոկճիի Հարցով «Ամբողջ Ճշմարտութիւնը». Թրամփ-Էրտողան` Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեցին սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան բոլոր ծալքերը բացայայտելու կարեւորութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Երկու երկիրներու նախագահները նաեւ ընդգծեցին Իտլիպի շուրջ գոյացած համաձայնութեան, Մընպեժի հարցով ճամբու քարտէսի գործադրութեան կարեւորութիւնը, պատուելի Պրանսընի հարցին իրաւաբանական հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան, ներառեալ Կիւլենի կազմակերպութեան դէմ պայքարին...

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ  Ուժանիւթի Նախարարին.  Որեւէ Երաշխիք Չկայ, Թէ Նաւթի  Տակառին Գինը Պիտի Չշրջանցէ 100 Տոլարը

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ Ուժանիւթի Նախարարին. Որեւէ Երաշխիք Չկայ, Թէ Նաւթի Տակառին Գինը Պիտի Չշրջանցէ 100 Տոլարը

Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալետ պըն Ապտելազիզ Ֆալեհ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ որեւէ երաշխիք չկայ, թէ նաւթի տակառին գինը պիտի չշրջանցէ 100 տոլարը` աւելցնելով. «Սէուտական Արաբիան նաւթեան քաղաքականութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ տնտեսական միջոց, եւ ոչ թէ քաղաքական»: Սէուտցի նախարարը ըսաւ, որ իր երկիրը չ՛ուզեր 1973-ին նման արեւմուտքցի սպառողներուն դէմ նաւթի արգելք հաստատել, ուստի նաւթը հեռու պիտի պահէ քաղաքականութենէն: «Ասիկա առաջին...

Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկացի  Զօրավար Մը Վիրաւորուած Է

Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկացի Զօրավար Մը Վիրաւորուած Է

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է Աֆղանիստանի մէջ ամերիկացի զօրավարի մը դէմ մահափորձի մասին տեղեկութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Փենթակոնի տեղեկութիւններով, Գանտահարի զինուորական հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցած յարձակումին իբրեւ հետեւանք վէրքեր ստացած է ամերիկացի զօրավար Ճեֆրի Սմայլին: «Ես կը հաստատեմ, որ այժմ զօրավար Սմայլին կը բուժուի Գանտահարի մէջ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք», յայտարարած է Աֆղանիստանի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրախումբի...

Մէկ Գիշերուան Մէջ Դէպի Միացեալ Նահանգներու  Սահման Շարժող Ներգաղթողներու  «Կարաւան»-ին Միացած Է 5 Հազար Մարդ

Մէկ Գիշերուան Մէջ Դէպի Միացեալ Նահանգներու Սահման Շարժող Ներգաղթողներու «Կարաւան»-ին Միացած Է 5 Հազար Մարդ

Հոնտուրասէն ու լատին ամերիկեան այլ երկիրներէն դէպի Միացեալ Նահանգներ շարժող ներգաղթեալներու «կարաւան»-ը, որուն երկարութիւնը աւելի քան 4 քիլոմեթր է, արդէն կը պարփակէ 7000-էն աւելի անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ տակաւին մէկ օր առաջ «կարաւան»-ը կը բաղկանար երկու հազար մարդէ: Ներգաղթեալներու թիւը հինգ հազարով աւելցած է ընդամէնը մէկ գիշերուան մէջ: Ներգաղթեալներու ամբոխի մէկ մասը`...

Դամասկոս Ցեղասպանութիւն Կը Կոչէ  Ռաքքայի Մէջ Միջազգային  Դաշինքի Գործողութիւնները

Դամասկոս Ցեղասպանութիւն Կը Կոչէ Ռաքքայի Մէջ Միջազգային Դաշինքի Գործողութիւնները

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցեղասպանութեան հետ համեմատած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի գործողութիւնները, որոնց իբրեւ հետեւանք Ռաքքայի մեծ մասը աւերուած է քաղաքի ազատագրման ժամանակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին: «Անհրաժեշտ է պատիժ սահմանել ատոր համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը համաձայն, Սուրիան կը դատապարտէ կեղծ յայտարարութիւններն ու...

Ռուսիա Կը Սպառնայ Հակադարձել  Միացեալ Նահանգներու  «Շատ Վտանգաւոր Քայլ»-ին

Ռուսիա Կը Սպառնայ Հակադարձել Միացեալ Նահանգներու «Շատ Վտանգաւոր Քայլ»-ին

Ռուսիան դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու հիւլէական զէնքերուն շուրջ պաղ պատերազմեան ժամանակաշրջանի համաձայնագիրէն հեռանալու որոշումը եւ սպառնաց հակադարձել այդ «շատ վտանգաւոր քայլ»-ին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց. «Ասիկա պիտի ըլլայ շատ վտանգաւոր քայլ մը, որ վստահ եմ, ո՛չ միայն միջազգային ընտանիքին կողմէ պիտի չհասկցուի, այլ նաեւ լուրջ դատապարտումի պիտի արժանանայ»: Ան ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց,...

Մոկերինի. «Աշխարհը Փուլ  Կու Գայ Առանց Եւրոպական Միութեան»

Մոկերինի. «Աշխարհը Փուլ Կու Գայ Առանց Եւրոպական Միութեան»

Աշխարհը փուլ եկած կ՛ըլլար առանց Եւրոպական Միութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին` Ֆինլանտայի մէջ տուած դասախօսութեան ընթացքին: «Պահ մը մտածեցէ՛ք այդ մասին: Փակեցէ՛ք ձեր աչքերը եւ պահ մը պատկերացուցէ՛ք, որ Եւրոպական Միութիւնը համաշխարհային բեմէն ճիշդ հիմա անհետացած է մէկ ամիսով, մէկ շաբաթով կամ քանի մը օրով:...

«Պիելոռուսիոյ Դէմ Յարձակումը Մոսկուայի Մէջ  Պիտի Ընկալուի Իբրեւ Ռուսիոյ Դէմ Յարձակում»  Կ՛ըսէ Պապիչ

«Պիելոռուսիոյ Դէմ Յարձակումը Մոսկուայի Մէջ Պիտի Ընկալուի Իբրեւ Ռուսիոյ Դէմ Յարձակում» Կ՛ըսէ Պապիչ

«Պիելոռուսիոյ դէմ կատարուած որեւէ զինուորական յարձակում Մոսկուան պիտի նկատէ Ռուսիոյ դէմ յարձակում` անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով»: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ պատկերասփիւռի առաջին կայանէն այս յայտարարութիւնը կատարած է Մինսքի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պապիչ` մեկնաբանելով Լեհաստանի մէջ մնայուն կերպով ամերիկեան ռազմակայան տեղադրելու Վարշաւիոյ մտադրութիւնը: «Ռուսիան ու Պիելոռուսիան միութենական պետութիւն կազմած են եւ միասնական պաշտպանական քաղաքականութիւն կը վարեն: Ուստի, Պիելոռուսիան պաշտպանուած...

Հիւսիսային Քորէա Այցելելու  Հրաւէր` Ֆրանչիսկոս Պապին

Հիւսիսային Քորէա Այցելելու Հրաւէր` Ֆրանչիսկոս Պապին

Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ին Վատիկան կատարած այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապին փոխանցած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի` Փիոնկիանկ այցելելու հրաւէրը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Մուն Չժէ Ին անցեալ ամիս Փիոնկիանկի մէջ Քիմ Եոնկ Ընի հանդիպած էր, ճիշդ այդ ատեն, երբ ան հիւսիսային քորէացի իր գործընկերոջ խոստացած էր վերջինիս հրաւէրը փոխանցել Ֆրանչիսկոս պապին: Հարաւային...

Էքուատոր Եւ Վենեզուելա  Արտաքսած Են Մէկզմէկու Դեսպանները

Էքուատոր Եւ Վենեզուելա Արտաքսած Են Մէկզմէկու Դեսպանները

Էքուատորի իշխանութիւնները վտարած են Վենեզուելայի դեսպան Քարոլ Տելկատոն, ատոր ի պատասխան, Քարաքասի մէջ Էքուատորի դեսպանատան գործավար Էլիսապեթ Մենտեսէն պահանջուած է հեռանալ Վենեզուելայէն: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ինթերֆաքս»-ը, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է «Ի.Էֆ.Ի.» լրատու գործակալութիւնը: Երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները բարդացած են Վենեզուելայի կապի նախարար Խորխէ Ռոտրիկեզի կատարած արտայայտութիւններէն անմիջապէս ետք, որոնց մէջ ան Էքուատորի նախագահ Լենին Մորենոն ստախօս կոչած...

Page 572 of 884 1 … 571 572 573 … 884

Արխիւներ