Ամերիկեան իշխանութիւնները կը մշակեն Իրանի դէմ պայքարի նոր ռազմավարութիւն մը, որ կրնայ ազդել նաեւ Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական ընկերութիւններուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին:
Պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրներուն տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները տակաւին պատրաստ չեն Իրանի հետ ուղղակի բախումին, ուստի կը քննարկեն իրանեան իշխանութիւններուն վրայ գործադրուող քաղաքական եւ տնտեսական ճնշման ուժեղացման կարելիութիւնները:
Որոշ աղբիւրներու համաձայն, Միացեալ Նահանգներ մտադիր են պատժամիջոցներ հաստատել այն ընկերութիւններուն դէմ, որոնք կը ղեկավարուին Իրանի ու Ռուսիոյ զօրքերուն կողմէ եւ կը մասնակցին սուրիական տարբեր շրջաններու վերաշինութեան աշխատանքներուն:



