Նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ գործող շարք մը ուղղափառ եկեղեցիներ` զօրակցութիւն յայտնելով Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ, խզած են Կոստանդնուպոլսոյ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան հետ կապերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուս ուղղափառ եկեղեցին այդ քայլին դիմած էր այս շաբթուան սկիզբը, երբ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոսը որոշած էր արտօնել Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ ռուսական եկեղեցիէն անկախացումը:
Ղազախստանի, Պիելոռուսիոյ, Տաճիկիստանի եւ Խըրխըզիստանի մէջ գործող ուղղափառ եկեղեցիները` հետեւելով Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ օրինակին, յայտարարած են, թէ կը խզեն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան հետ իրենց կապերը:



