Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթընի` այսօր Ազրպէյճան այցելութեան նախօրեակին, «Միջազգային ներում» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը անոր կոչ ուղղած է` Իլհամ Ալիեւի վարչակազմէն մարդու իրաւունքներու ոտնահարման դադրեցումը պահանջելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Միջազգային Ներում»-ը Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարին հասցէագրուած յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ Ալիեւի վարչակազմը պարբերաբար կ՛ոտնահարէ խօսքի ազատութիւնը, կը վերահսկէ բոլոր հիմնական լրատուամիջոցները, բռնութեան կ՛ենթարկէ իրաւապաշտպանները:
Միջազգային կազմակերպութիւնը նաեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականին կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճան ղեկավարներէն պահանջելու ազատ արձակել լրագրող Աֆղան Մուխթարլին:



