«Հարաւային Կովկասը, Մասնաւորաբար Ազրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու Համար Ռազմավարական Տեսանկիւնէն Չափազանց Կարեւոր Են» Կ՛ըսէ Պոլթըն
Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր տարածաշրջան կը նկատեն Հարաւային Կովկասը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը` Ազրպէյճան տուած իր այցելութեան ընթացքին: «Հարաւային Կովկասը` ռազմավարական առումով, Միացեալ Նահանգներու համար չափազանց կարեւոր տարածաշրջան կը նկատենք: Խօսքը մասնաւորաբար Ազրպէյճանի մասին է, որ միակ երկիրն է թէ՛ Ռուսիոյ,...




















