Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը կազմակերպուած ոճիր էր եւ չէր կրնար տեղի ունենալ առանց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութեան:
«Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը կրնար համարձակիլ այդպիսի յանցագործութիւն կատարել առանց Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ոչ ոք նոյնիսկ կրնար պատկերացնել, որ այսօր, այս արդի դարաշրջանին, մենք կրնանք նման սպանութեան վկայ դառնալ»:
Իրանի նախագահը դատապարտեց Խաշոկճիի սպանութիւնը եւ յորդորեց Թուրքիան` «անաչառ ու մանրակրկիտ հետաքննութիւն» կատարելու:
«Մենք Թուրքիոյ կառավարութենէն կը խնդրենք` շարունակել հետաքննութիւնը, որպէսզի միջազգային ընտանիքին տրամադրուի այս յանցագործութեան բոլոր մանրամասները, որոնց նախադէպը չկայ վերջին տասնամեակներուն», նշեց ան:
Իրանցի Զօրավարը Կը Մեղադրէ Սէուտական Արաբիան
Իրանի բարձրաստիճան հրամանատարը կը մեղադրէ Սէուտական Արաբիան, որ Պոլսոյ մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողին սպանութենէն ուշադրութիւնը շեղել փորձելով Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկման հարցին մէջ միացած է Միացեալ Նահանգներուն:
«Անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ յանցագործութիւնը կարելի չէ դիւրութեամբ կամ այս մեթոտներով ջնջել», «Մեհր» լրատու գործակալութեան ըսած է Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի անվտանգութեան հարցերով հրամանատարի տեղակալ զօրավար Էսմայիլ Քովսարին` աւելցնելով. «Սէուտցի ղեկավարները պէտք է պատասխան տան իրենց գործողութիւններուն համար»:
Յիշեցնենք, որ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի սիւնակագիր Ժամալ Խաշոկճին անհետացած էր 2 հոկտեմբերին` Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք: Սէուտական Արաբիան անցեալ շաբաթ հաստատեց, որ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողը սպաննուած է:



