Պատասխանելով Էրտողանի. «Խաշոկճիի Սպանութեամբ Կասկածեալները Պիտի Դատուին Սէուտական Արաբիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Ժուպէյր
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեամբ կասկածեալները պիտի դատուին Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Ան շաբաթ օր Պահրէյնի մէջ, անվտանգութեան նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, արեւմտեան լրատուամիջոցները ամբաստանեց «ջղագարութեամբ»: Մէկ օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած էր, որ ոճիրը գործուած է Պոլսոյ մէջ, ուստի 18 կասկածեալներուն դատավարութիւնը եւս պէտք է կատարուի Պոլսոյ...




















