Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ չէ բացառած, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Տանըլտ Թրամփ նոյեմբերին Փարիզի մէջ իրենց ունենալիք հանդիպումին ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, կրնան անդրադառնալ անօդաչու թռչող սարքերու միջադէպին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Ան ըսած է, որ այս տարուան յունուարին ամերիկեան օդանաւէ կառավարուող 13 անօդաչու թռչող սարքեր յարձակում գործած են Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանին դէմ:
«Ատիկա շատ մտահոգիչ իրողութիւն էր, թող ոչ ոք կասկածի, թէ մեր զինուորական մասնագէտները պիտի կատարեն անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ եւ միջադէպին վերաբերեալ պիտի ներկայացնեն եզրակացութիւններ», ըսած է Փեսքով:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին երէկ իր կարգին յայտնած էր, թէ նշեալ անօդաչու թռչող սարքերը հեռակառավարուած են «Փոզէյտըն-8» տեսակի ամերիկեան հետախուզական օդանաւէն:
Թրամփի եւ Փութինի Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպումը նախատեսուած է 11 նոյեմբերին:



