23 հոկտեմբերին հրապարակուած պետական տուեալներուն համաձայն, Ազրպէյճանի 2019 տարեշրջանի պետական ամավարկին մէջ նախատեսուած է դարձեալ աւելցնել ռազմական ոլորտին յատկացուող գումարները:
Ընդհանուր առմամբ նախատեսուած է ռազմական ծախսերու համար յատկացնել 3.04 միլիառ մանաթ գումար մը (շուրջ 1.8 միլիառ տոլար), ինչ որ մօտաւորապէս 5 տոկոսով աւելի է անցեալ տարուան ռազմական ամավարկէն:
Այդ գումարէն 157 միլիոն մանաթ (92.5 միլիոն տոլար) պիտի տրամադրուի ներքին ապահովութեան ուժերուն:
Նշենք, որ 2018-ին, Ազրպէյճանի ռազմական ամավարկը 2,9 միլիառ մանաթ էր:



