Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օրելիա Պուշէն կանչած են արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքագիր յանձնած` Սէնթ Էթիէնի քաղաքապետին, առանց Պաքուի արտօնութեան, Արցախ կատարած այցելութեան վերաբերեալ:
Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ մտադիր է Սէնթ Էթիէնի քաղաքապետ Կայէլ Փերտրիոն ներառել «սեւ ցանկին մէջ», ուր Պաքուն կը պարփակէ այն արտասահմանցիները, որոնք կ՛այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ` իրենց այցելութիւնը ազրպէյճանական իշխանութիւններու հետ առանց համակարգելու: Այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած անձերուն Ազրպէյճան մուտքը կ՛արգիլուի:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը երեքշաբթի կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոր դժգոհութիւն յայտնած են Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու որոշակի քայլերու առնչութեամբ, որոնք վնաս կը հասցնեն Ազրպէյճանի շահերուն եւ տարածքային ամբողջականութեան: Միեւնոյն ժամանակ պաշտօնական բողոք հաղորդուած է Սէնթ Էթիէնի քաղաքապետի` Լեռնային Ղարաբաղ կատարած անօրինական այցելութեան պատճառով: Դեսպանին յանձնուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բողոքագիրը»:



