Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ըսած է, թէ «Էս-400» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան «երկիր-երկինք» ռուսական հրթիռներու տեղակայումը պիտի սկսի հոկտեմբեր 2019-ին: «Ազատութիւն» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը:
Աքար ըսած է, որ թուրք զինուորներու խումբը մեկնած է Ռուսիա` «Էս-400» հրթիռներու սպասարկումը սորվելու համար:
Ան նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական համագործակցութիւնը եւ, մասնաւորաբար, «Էֆ-35» տեսակի մարտական օդանաւերու մատակարարման գործարքը ուժի մէջ է, եւ յառաջիկայ տարուան մարտին ամերիկացիները Թուրքիոյ պիտի փոխանցեն երրորդ եւ չորրորդ սերունդի օդանաւերը:
Նախարարը չէ ըսած, թէ երկրի ո՛ր շրջանին մէջ պիտի տեղակայուին ռուսական հրթիռները: Խօսելով այդ խնդիրներու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներուն արտայայտած մտահոգութիւններուն մասին` Աքար ըսած է, թէ «Էս-400» համակարգերը Թուրքիոյ համար ոչ թէ ընտրութիւն են, այլ անհրաժեշտութիւն:
«Ամերիկայի կամ ՕԹԱՆ-ի համար ոչ մէկ խնդիր պիտի ստեղծենք», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:



