Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտեց, որ եթէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով պատասխանատու մը կայ, ապա անիկա Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանն է:
«Մոհամետ պըն Սալմանը ներկայ հանգրուանին ոեւէ անձէ աւելի կը ղեկավարէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ հարցերը, հարցերը ղեկավարողը ի՛նք է, ուստի եթէ կայ պատասխանատու մը, ապա ա՛ն է», ըսաւ Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըրընլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ Սալման թագաւորը նախօրօք տեղեակ չէր Խաշոկճիի սպանութենէն:
Թրամփ յայտնեց, որ ամերիկեան հետախուզութեան ղեկավարները, ներառեալ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճինա Հասփըլ, ներկայիս Թուրքիայէն եւ Սէուտական Արաբիայէն վերադարձած են սպանութեան մասին նոր տեղեկութիւններով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը պատմեց, որ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ խօսած է եւ անոր հարցուցած Խաշոկճիի սպանութեան մասին: «Առաջին հարցումս հետեւեալն էր` ատոր վերաբերեալ բան մը գիտցա՞ծ է ծրագրման նախնական փուլին: Սակայն իշխանը ըսաւ, որ ոչինչ իմացած է: Ապա հարցուցի, թէ ատիկա ուրկէ՞ սկսած է, եւ ան պատասխանեց, որ ամէն ինչ սկսած է աւելի ցած օղակներու մէջ»:
Պատասխանելով օրաթերթի լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք նախագահը կը հաւատա՞յ իշխանի հերքումներուն, Թրամփ քիչ մը դադարէ ետք նշեց, որ շատ կ՛ուզէ ատոնց հաւատալ:
Սպիտակ տան ձուաձեւ աշխատասենեակին մէջ հարցազրոյցի ընթացքին Թրամփ խօսեցաւ սպանութեան ծրագիրի մասին` նկատելով, որ շատ անփոյթ կերպով ծրագրուած է եւ շատ վատ գործադրուած: «Ասիկա հաւանաբար որեւէ բան քողարկելու պատմութեան վատագոյն օրինակներէն է», ըսաւ Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն յայտնաբերած է շարք մը անձեր, որոնք պատասխանատու են Խաշոկճիի սպանութեան համար: Ըստ այնմ` ամերիկեան իշխանութիւնները արգիլած են Սէուտական Արաբիոյ 21 քաղաքացիներու երկիր մուտքը:



