Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները արգիլած են Սէուտական Արաբիոյ 21 քաղաքացիներու երկիր մուտքը. այդ որոշումը կապուած է սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող, ամերիկեան հեղինակաւոր «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի թղթակից Ժամալ Խաշոկճիի աղմկայարոյց սպանութեան: Քանատական «Կլոպըլնիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ:
Ան ընդգծած է, որ «սեւ ցանկին վրայ» յայտնուած են հիմնականին մէջ սէուտցիներ, որոնք ունէին ամերիկեան մուտքի արտօնագիրներ: Անոնց ամբողջական ցանկը, սակայն, չէ հրապարակուած:



