Սպիտակ տունը կը յայտարարէ, որ յառաջ կը մղէ Միացեալ Նահանգներու նոր` տիեզերական զօրքերու հիմնադրման ծրագիրը, եւ առաջին քայլերը կը կատարուին: Բայց եւ այնպէս, զինեալ ուժերու վեցերորդ ստորաբաժանման ստեղծումը, որուն մեկնարկի մասին այս տարի նախապէս յայտարարած է նախագահ Տանըլտ Թրամփ, տեղի պիտի չունենայ մօտիկ ապագային: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի ժամանակ յայտարարած է, թէ Սպիտակ տունը չի նախատեսեր անկախ տիեզերական ուժերու ստեղծում մինչեւ 2020:
Փենս Տիեզերքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու ազգային խորհուրդի ղեկավարն է:



