«Լը Տրիան Էրտողանին Ուղղուած Իր Ամբաստանութեան Մէջ Չափը Անցուց» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ուղղուած իր ամբաստանութիւններուն մէջ չափը անցուց»: Ան ըսաւ, թէ ատիկա «մեծ անկրթութիւն» էր` աւելցնելով. «Լը Տրիանի վարմունքը արտաքին գործոց նախարարի վայել չէ»: «Արդեօք ո՞վ կը կանգնի ֆրանսացի նախարարի ամբաստանութիւններուն ետին: Արդեօք կ՛ուզեն ոճի՞ր թաքցնել, որովհետեւ այլ բաներ գիտենք: Ի՞նչ է այն...




















