Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներ Տանըլտ Թրամփ եւ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած են ՕԹԱՆ-ի մէջ Եւրոպայի մասնակցութիւնը աւելցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Անարդար է, որ եւրոպական անվտանգութիւնը այսօր միայն Միացեալ Նահանգները կ՛ապահովեն», շաբաթ օր յայտարարած է Մաքրոն` Սպիտակ տան ղեկավարին հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Երբ նախագահ Թրամփ կ՛ուզէ պաշտպանել Ամերիկայի նահանգներէն մէկը, ան Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն կամ եւրոպական որեւէ երկրէ ֆինանսաւորում չի պահանջեր», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը` եւրոպացի գործընկերներուն կոչ ուղղելով` աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելու պաշտպանական ոլորտին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին Էլիզէի պալատ հասնելով, կրկնած է, որ ինք կ՛ուզէ ուժեղ Եւրոպա` ընդգծելով, որ եւրոպացիք պէտք է աւելցնեն իրենց զինուորական ծախսերը` ՕԹԱՆ-ի պահանջներուն համապատասխան:



