Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրեան յայտարարեց, որ, ըստ իր տեղեկութեան, Ֆրանսան սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով ձայնագրութիւններ չունի:
Մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ` Խաշոկճիի սպանութեան ձայնագրութիւնները յանձնուած են Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ, Լը Տրեան ըսաւ. «Ատիկա կը նշանակէ, թէ ան այս պայմաններուն մէջ քաղաքական խաղ մը կը խաղայ»: Թուրքիոյ նախագահութիւնը Լը Տրեանի «քաղաքական խաղ»-ի մասին խօսքը նկատեց «անընդունելի» եւ «մերժելի»:
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ իր կարգին նշեց. «Քանատական գաղտնի սպասարկութիւնը ունկնդրեց սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիին պատահածին վերաբերող թրքական ձայնագրութիւններուն»:
«Այլ պետութիւններու հետ աշխատանք կը տանինք Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ», նշեց ան:



