Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի. Խաշոկճին Սպաննուած Է Սէուտցի Գահաժառանգի «Աջ Ձեռք»-ի Ղեկավարած Խմբաւորման Կողմէ
Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը կատարած է սէուտական «Վագրերու խումբ» խմբաւորումը, որուն ղեկավարը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին աջ ձեռքը նկատուող Սէուտ Քահթանին է: Թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը, յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ի արաբական ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Խաշոկճին սպաննած են խոշտանգելով: Լրատուամիջոցներու հետ զրուցած անանուն աղբիւրը նշած է, որ «Վագրերու խումբ»-ը Սէուտական Արաբիոյ մէջ հիմնուած է այս տարուան...




















