Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մեր կոչ ուղղած է` Եւրոպան դարձնելու «կայսրութիւն»` Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի նման: Այդ մասին ըսած է «Հանտելսպլաթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Ֆրանսացի նախարարին կարծիքով` այդ «կայսրութիւնը» պէտք է ըլլայ խաղաղասէր տէրութիւն, որ կը հիմնուի իրաւական պետութեան սկզբունքներուն վրայ:
«Եւրոպան այլեւս պէտք չէ վախնայ իր իշխանութիւնը գործի դնելէ», ըսած է նախարարը:
Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծած է Իրանի դէմ ամերիկեան «ապօրինի» պատժամիջոցներէն Եւրոպական Միութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւն եւ «Տանըլտ Թրամփի կառավարութեան ճամբուն վրայ յայտնուիլը»:
«Այստեղ խօսքը այն մասին է, որ Միացեալ Նահանգներուն յստակ ըսենք` մենք գերիշխան ցամաքամաս ենք, եւ մենք կ՛որոշենք որո՛ւ հետ առեւտուր ընել», ըսած է Լը Մեր:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վերջերս առաջարկած էր Միացեալ Նահանգներէն անկախ «համաեւրոպական բանակ» ստեղծել, ներառեալ` համացանցային անվտանգութեան համար: Թրամփ «շատ վիրաւորական» կոչած էր իր ֆրանսացի գործընկերոջ առաջարկը:



