Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու Մանֆրետ Վեպեր յայտարարած է, թէ ընտրուելու պարագային պիտի դադրեցնէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը:
«Անձամբ ջանք ի գործ պիտի դնեմ այդ հոլովոյթը դադրեցնելու ուղղութեամբ: Կը կարծեմ, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յստակ կերպով յայտարարէ, թէ Թուրքիան երբեք միութեան անդամ պիտի չդառնայ», ըսած է Վեպեր` նոյն ատեն շեշտելով, որ դէմ չէ Թուրքիոյ հետ տարբեր ոլորտներու մէջ սերտ համագործակցութեան:
Ամիսներ առաջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հակաեւրոպական ու փանիսլամական քաղաքականութիւն որդեգրած են եւ այդպիսի պայմաններու մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցիլը իմաստ չունի:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր նախապէս յայտարարած էր, որ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալը անկարելի է, եւ որ թրքական իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան իրենց յարձակողական հռետորաբանութեան` եւրոպացի ղեկավարները կոչելով ֆաշական կամ նացիական:



