Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ երէկ աշխարհի շուրջ 70 ղեկավարներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, յարգանքի տուրք մատուցեցին Համաշխարհային Ա. պատերազմի զոհերու յիշատակին:
Մաքրոն հրադադարի հաստատումէն մէկ դար ետք, իր արտասանած խօսքին մէջ աշխարհի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց մերժելու ազգայնամոլութիւնը եւ «պայքարելու խաղաղութեան համար»: Ան ազգայնամոլութիւնը նկատեց «հայրենասիրութեան դաւաճանում»:
«Նախ եւ առաջ մեր շահերը, իսկ ուրիշները կարեւոր չեն» ըսելով կը ջնջենք ազգի մը ունեցած ամէնէն յարգին` անոր բարոյական արժէքները, որոնք անոր կեանք կու տան», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
«Մեր մտավախութիւնները իրարու դէմ օգտագործելու փոխարէն` մեր յոյսերը կառուցենք», ըսաւ ան:
«Պատերազմի զոհ դարձած զինուորները, կիներն ու որբացած երեխաները անցած են աներեւակայելի դժոխքի մէջէն», յայտնեց Մաքրոն իր շուրջ 20 վայրկեան տեւած խօսքին մէջ` ընդգծելով, որ անցեալը պէտք չէ թշնամութիւն ծնի ժողովուրդներու միջեւ, սակայն նաեւ պէտք չէ մոռացութեան մատնուի:
«Հարիւր տարի առաջ Փարիզի եւ ամբողջ Ֆրանսայի մէջ ղօղանջեցին զանգերը` աւետելով չորս տարի երկարած արիւնալի պատերազմի աւարտը: Ատիկա շատոնց էր, սակայն կը թուի նաեւ, թէ երէկ էր», յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահը եւ իր խօսքը աշխարհի ղեկավարներուն ուղղելով կոչ ուղղեց` «միասին պայքարինք յանուն խաղաղութեան»:
Նշենք, որ 1914-էն 1918 երկարած Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին շուրջ 9,7 միլիոն զինուորներ զոհուեցան եւ 10 միլիոն քաղաքայիններ սպաննուեցան:
Ղեկավարներուն հաւաքէն վայրկեաններ առաջ «Ֆեմեն» շարժումի կիսամերկ անդամ մը, որուն կուրծքին վրայ «կեղծ խաղաղարար» գրուած էր, ձերբակալուեցաւ Թրամփի շքախումբէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ, երբ անցարգելը շրջանցեց:
Թրամփ վէճ յառաջացուց, երբ վատ օդերեւոյթին պատճառով ջնջեց պատերազմին զոհուած զինուորներուն գերեզմանատուն այցելութիւնը:
Թրամփ եւ Փութին Ձեռնուեցան
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Մոսկուան պատրաստ է Ուաշինկթընի հետ երկխօսութիւն կատարելու` վստահեցնելով, որ Ռուսիան պիտի չըլլայ կարճ եւ միջին հասողութեամբ հրթիռներու համաձայնագիրէն հեռացող կողմը:
«Եւրոպական բանակ ստեղծելու գաղափարը նոր չէ եւ դրական է` աշխարհի վրայ բազմազանութիւնը ամրապնդելու համար», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ձեռնուեցանք եւ համաձայնեցանք հիւրընկալ երկրին օրակարգը չխախտել»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով աւելի ուշ յայտարարեց, որ երկու նախագահները ունեցած են արագ զրոյց մը, որ Փութինի կողմէ նկատուած է դրական:
Ան աւելցուց, որ Փութին նաեւ զրուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Էրտողան-Թրամփ Զրոյց
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ երեկոյեան Մաքրոնի կազմակերպած ընթրիքին ընթացքին զրոյց մը ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ:
Անոնք ընթրիքին ընթացքին կողք-կողքի նստած զրուցած են:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թրամփ եւ Էրտողան քննարկած են Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հակադարձելու հարցը:



