Քոսովոն 10 առ հարիւրի մաքսատուրք հաստատած է Սերպիայէն եւ Պոսնիայէն ներածուող ապրանքներուն վրայ` երկու երկիրներուն կողմէ Քոսովոյի անկախութիւնը չճանչնալու եւ անոր դէմ «վայրագ» քաղաքականութիւն վարելու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Քոսովոյի վարչապետ Ռամուշ Հարատինայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Մեր նոր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Քոսովոն մաքսատուրք հաստատած է Սերպիայէն եւ Պոսնիայէն ներածուող ապրանքներու վրայ` բացառութեամբ այդ երկու երկիրներուն մէջ արտադրուող միջազգային մակնիշով ապրանքներուն»:
Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուչիչ ընդհատեց Քոսովոյի նախագահ Հաշիմ Թաչիի հետ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ բանակցութիւնը` նշելով. «Ոչ մէկ երկխօսութիւն կրնայ ըլլալ, քանի Քոսովոն տակաւին չէ հրաժարած 10 առ հարիւր մաքսատուրքի որոշումէն»:



