Պաղեստինեան դիմադրութեան միացեալ գրասենեակը երէկ գիշեր յայտարարեց, թէ ձեռնարկած է կիրակի օր Կազայի մէջ Քասսամի ջոկատներու հրամանատարներէն մէկուն սպանութեան իսրայէլեան քայլին դէմ հակադարձութեան:
Գրասենեակը նշեց, որ աւելի քան 300 հրթիռներով հրթիռակոծած է Կազայի շրջապատը, Նեկեւի արեւմուտքը եւ Մեռեալ ծովու շրջանը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ արձանագրուած են 10 վիրաւորներ, որոնցմէ 6-ը Ստերոթի մէջ իսրայէլցի զինուորներ փոխադրող փոխադրակառքի մը մէջ, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը հարուածած էր «Քոռնեթ» տիպի հրթիռով: Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին ռմբակոծումներ ձեռնարկեց եւ հարուածեց Կազայի քանդուած օդակայանը:
Նշենք, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը կիրակի օր ձախողութեան մատնած էր իսրայէլեան մասնայատուկ ուժի մը Խան Եունեսի արեւելքը կատարած գործողութիւնը: Պաղեստինցի զինեալները բացայայտած էին իսրայէլեան ուժը եւ զայն հետապնդած ու բախում ունեցած անոր հետ` սպաննելով իսրայէլացի բարձրաստիճան սպայ մը եւ վիրաւորելով ուրիշ մը: Պաղեստինեան կողմը ունեցած էր 7 զոհ: Իսրայէլեան ուժը ահաբեկած էր Համասի զինուորական թեւին` Քասսամի փաղանգներու մէկ հրամանատարը:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ Կազան ռմբակոծեց հրետանիով:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ժողով գումարեց ապահովական հարցերով իսրայէլեան սեղմ նախարարաց խորհուրդին հետ: Ժողովին մասնակցեցան ապահովական մարմիններու պաշտօնատարներ:
Պաղեստինեան դիմադրութեան միացեալ գրասենեակը յայտարարեց. «Եթէ թշնամին իր յարձակումին մէջ չափը անցընէ, պիտի ընդլայնենք մեր հարուածներուն շրջանակը»:



