Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի մասնակցի «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի ծովային բաժինի կառուցումը աւարտելու արարողութեան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտնած է ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը` վկայակոչելով ռուսական պետութեան ղեկավարի միջազգային հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքովը:
Հանդիսաւոր արարողութեան պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Ուշաքով նշած է, թէ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 19 նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ:



