Չի բացառուիր, որ 2019 թուականին քարիւղի արտադրութեանը քանակը նուազի: Նախնական նման համաձայնութիւն մը գոյացուցած են քարիւղ արտադրող յառաջատար պետութիւններու ուժանիւթի նախարարները` կիրակի օր Ապու Տապիի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Այդ քայլին պատճառը այն ուսումնասիրութիւններն են, որոնց համաձայն, յաջորդ տարի համաշխարհային շուկային մէջ քարիւղի առաջարկը զգալիօրէն պիտի գերազանցէ պահանջարկը: Ատիկա, իր կարգին, ըստ ուժանիւթի ոլորտի մասնագէտներու, կրնայ պատճառ ըլլալ քարիւղի գիներու կտրուկ անկման:
Քարիւղի գինը արդէն իսկ սկսած է նուազիլ: Անցեալ շաբաթավերջին «Պրենթ» տեսակի քարիւղի մէկ տակառը կը վաճառուէր 70 տոլարով` ապրիլին արձանագրուած 85 տոլարի փոխարէն:



