Միջազգային

Իսրայէլի Պետական Ձայնասփիւռի  Կայանին Համաձայն.  Իրան Իրաքի Մէջ Զինեալ Խումբերը Պատրաստելով  Իսրայէլի Հետ Ապագայ Դիմակայման Կը Պատրաստուի

Իսրայէլի Պետական Ձայնասփիւռի Կայանին Համաձայն. Իրան Իրաքի Մէջ Զինեալ Խումբերը Պատրաստելով Իսրայէլի Հետ Ապագայ Դիմակայման Կը Պատրաստուի

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իրան Իսրայէլի հետ ապագայ դիմակայման կը պատրաստուի, ան Իրաքի մէջ զինեալ խմբաւորումները կը պատրաստէ»: «Իրանցիները Իրաքի մէջ զինեալ խմբաւորումներուն հետզհետէ աւելի արագ կշռոյթով զէնքեր կը մատակարարեն», նշեց կայանը: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը 31 հոկտեմբերին հաղորդած էր, որ իսրայէլեան բանակն ու Մոսատը կը պատրաստուին Իրաքի մէջ նոր ճակատ բանալու` Իսրայէլի դէմ սպառնալիքներու ստեղծման պատրուակով: Ըստ կայքին, իսրայէլեան...

Օճալան Կոչ Ուղղած Է` Խաղաղութեան  Եւ Հաշտեցման Համար Իրական Ջանքեր Գործադրելու

Օճալան Կոչ Ուղղած Է` Խաղաղութեան Եւ Հաշտեցման Համար Իրական Ջանքեր Գործադրելու

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հիմնադիր Ապտուլլա Օճալան թրքական բանտէն հրապարակուած ուղերձին մէջ կոչ ուղղած է խաղաղութեան ու հաշտեցման համար իրական ջանքեր գործադրելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Բոլորը պէտք է գործեն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով», յայտարարած է ան: Օգոստոսէն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ, որ կը քննէ ոչ միայն 1999-էն բանտարկուած Օճալանի ճակատագիրը, այլ նաեւ անոր զինեալներուն...

Թրամփ Կը Պնդէ, Որ Ռուսիան Եւ Չինաստանը  Գաղտնի Հիւլէական Ռումբ Փորձարկած Են

Թրամփ Կը Պնդէ, Որ Ռուսիան Եւ Չինաստանը Գաղտնի Հիւլէական Ռումբ Փորձարկած Են

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին Ռուսիան եւ Չինաստանը, ստորգետնեայ հիւլէական փորձարկումներ կատարած են, եւ Միացեալ Նահանգներ անոնց օրինակին պիտի հետեւի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Սպիտակ տան ղեկավարը «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեան» ծրագիրին ըսած է. «Ռուսիոյ փորձարկումը, Չինաստանի փորձարկումը: Սակայն անոնք ատոր մասին չեն խօսիր: Դուք պարտադիր չէ, որ...

Միացեալ Նահանգներու Նախկին  Փոխնախագահ Տիք Չէյնի Մահացած Է

Միացեալ Նահանգներու Նախկին Փոխնախագահ Տիք Չէյնի Մահացած Է

Մահացած է Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Տիք Չէյնի: Ան 84 տարեկան էր: Չէյնի 2001-2009 թուականներուն վարած է Միացեալ Նահանգներու 46-րդ փոխնախագահի պաշտօնը Ճորճ Պուշ կրտսերի վարչակազմին օրով եւ կը նկատուէր ամերիկեան ներքաղաքական դաշտի ազդեցիկ եւ հակասական գործիչներէն մէկը: «Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումով` Չէյնի սիրտի հիւանդութիւններ ունէր եւ սիրտի քանի մը կաթուած անցուցած էր:  

Սուրիոյ Նախագահը Նոյեմբերի Սկիզբը  Ուաշինկթըն Պիտի Այցելէ

Սուրիոյ Նախագահը Նոյեմբերի Սկիզբը Ուաշինկթըն Պիտի Այցելէ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ նոյեմբերի սկիզբը Սպիտակ տուն այցելելով պիտի քննարկէ Սուրիոյ վերականգնման հարցերը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք նախապէս յայտարարած էր, թէ Շարհ Ուաշինկթըն պիտի այցելէ, իսկ Սպիտակ տան բանբերը աւելցուցած էր, որ ատիկա հաւանաբար տեղի ունենայ 10 նոյեմբերին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ...

Համաս Յայտարարած Է Ծանր Զինամթերքը  Վար Դնելու Պատրաստակամութեան Մասին

Համաս Յայտարարած Է Ծանր Զինամթերքը Վար Դնելու Պատրաստակամութեան Մասին

Պաղեստինեան Համաս շարժումը պատրաստակամութիւն յայտնած է Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնագիրի ծիրին մէջ վար դնելու ծանր զէնքը, իսկ Միացեալ Նահանգները համաձայն են ընդունելու նմանատիպ զինաթափման ձեւաչափ: Այս մասին կը հաղորդէ արաբական «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկացի միջնորդ Պիշարա Պահպահին: «Կազայի բանակցութիւններու գլխաւոր միջնորդ Պիշարա Պահպահ յայտնած է, թէ Համաս շարժումը, որուն հետ ան շարք մը բանակցութիւններ վարած է, իրեն յայտնած...

Թրամփ. «Վենեզուելայի Նախագահ Մատուրոյի  Իբրեւ Նախագահ Օրերը Այլեւս Հաշուուած Են»

Թրամփ. «Վենեզուելայի Նախագահ Մատուրոյի Իբրեւ Նախագահ Օրերը Այլեւս Հաշուուած Են»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիուզնէյշըն» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի իբրեւ նախագահ օրերը հաշուուած են», սակայն մերժեց հերքել կամ հաստատել, եթէ կը ծրագրէ Վենեզուելայի վրայ յարձակում գործել: Պատասխանելով «արդեօք Մատուրոյի իբրեւ նախագահ օրերը հաշուուա՞ծ են» հարցումին` Թրամփ նշեց. «Կ՛ուզեմ այո ըսել, կը կարծեմ այդպէս է, այո՛: Քեզի պիտի չըսեմ, եթէ Վենեզուելայի մէջ հարուածներ պիտի...

Թրամփ. «Կազայի Զինադադարը Փխրուն  Չէ, Այլ` Չափազանց Տոկուն»

Թրամփ. «Կազայի Զինադադարը Փխրուն Չէ, Այլ` Չափազանց Տոկուն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիուզնէյշըն» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինադադարը փխրուն չէ, այլ` չափազանց տոկուն»: Ան շեշտեց, որ Համասին պիտի ստիպէ մեծ արագութեամբ զինաթափուիլ, «եւ անիկա պիտի ոչնչացուի»: «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն այն անձն է, որուն Իսրայէլը պատերազմի ժամանակ կարիքը ունէր», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Չեմ կարծեր, թէ Նեթանիահուն Իսրայէլի մէջ լաւ վերաբերմունքի կ՛արժանանայ, եւ...

Ֆինլանտայի Նախագահը Թրամփ-Փութին  Հանդիպումին Համար Նոր Թուական Առաջարկած Է

Ֆինլանտայի Նախագահը Թրամփ-Փութին Հանդիպումին Համար Նոր Թուական Առաջարկած Է

Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Թուպ առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կրնան Ափրիկէի մէջ նոր հանդիպում ունենալ: «Ելէ» կը հաղորդէ, որ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ նոյեմբերի վերջին գումարուելիք «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Սթուպ չէ բացայայտած իր գաղափարի մանրամասնութիւնները, սակայն Թրամփ օգոստոսին յայտարարած էր, որ Հարաւային Ափրիկէ պիտի չմեկնի, որովհետեւ երկրին իշխանութիւնները սպիտակամորթ բնակչութեան...

Եգիպտական Մեծ Թանգարանի  Բացման Հսկայական Հանդիսութիւն

Եգիպտական Մեծ Թանգարանի Բացման Հսկայական Հանդիսութիւն

Եգիպտոս շաբաթ օր հսկայական եւ մեծածախս հանդիսութեամբ մը բացումը կատարեց կոթողային Եգիպտական մեծ թանգարանին, որուն 20 տարուան վրայ երկարած կառուցումը արժած է 1 միլիառ տոլար: Թանգարանը ամբողջութեամբ նուիրուած է եգիպտական քաղաքակրթութեան: Թանգարանի բացումին ներկայ էին Սպանիոյ եւ Պելճիքայի թագաւորները, Դանիոյ եւ Յորդանանի թագուհիները, Օմանի գահաժառանգը, ազնուականներ Լիւքսամպուրկէն, Մոնաքոյէն, Ճափոնէն, Թայլանտէն եւ Միջին Արեւելքէն: Ներկաներու շարքին էին նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը,...

Քենաանի. «Սիոնական Ոճիրները Անպատասխան  Պիտի Չմնան, Եւ Լիբանան Ու Կազա  Կռուողներ Պիտի Չուղարկենք»

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Վերսկսելու Առաջարկ Ստացած Է

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու առաջարկ ստացած է: Այս մասին յայտարարեց Իրանի կառավարութեան բանբեր Ֆաթմէ Մոհաժարանի: Յարմար պահուն անոնց բնոյթին, պարունակութեան եւ առնչակից այլ հարցերու շուրջ բացատրութիւններ պիտի տրամադրեմ, ըսաւ ան: Իրաքեան «Պաղտատ Ալեաոմ» լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Օմանի ճամբով նման հաղորդագրութիւն ուղարկած են Իրանին: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի...

Վենեզուելան Ռուսիայէն, Չինաստանէն  Եւ Իրանէն Զինուորական Օգնութիւն Խնդրած Է

Վենեզուելան Ռուսիայէն, Չինաստանէն Եւ Իրանէն Զինուորական Օգնութիւն Խնդրած Է

Մինչ Միացեալ Նահանգները կ՛ուժեղացնեն ճնշումը, Վենեզուելան օգնութիւն կը խնդրէ Մոսկուայէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Մատուրոն նամակ պատրաստած է` խնդրելով Ռուսիայէն հրթիռներ, ռատարներ եւ արդիականացուած օդանաւեր մատակարարել` ի պատասխան Քարիպեան աւազանին մէջ ամերիկեան զօրքերու կուտակման: Նամակին մէջ Մատուրօ Ռուսիայէն օգնութիւն խնդրած է իր երկրի օդային պաշտպանութիւնը ամրապնդելու, ներառեալ քանի մը ռուսական...

Ըստ ԹԱՍՍ-ի.  Ուքրանիոյ Հարցով Ռուսիոյ Եւ Միացեալ  Նահանգներու Հաղորդակցութիւնները Չեն Ընդհատուած

Ըստ ԹԱՍՍ-ի. Ուքրանիոյ Հարցով Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Հաղորդակցութիւնները Չեն Ընդհատուած

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ուքրանիոյ վերաբերեալ հաղորդակցութիւնները չեն ընդհատուած, եւ ռուսական կողմը չէ շեղած Ալասքայի վեհաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրը: Լրատու գործակալութեան աղբիւրը նշած է, որ վերջերս լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած են «վճարովի նիւթեր», որոնք տարբեր ձեւերով կը ներկայացնեն նոյն թէզը. ենթադրաբար, ռուս-ամերիկեան հաղորդակցութիւնները «բարդացուցած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու...

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Բացումով  Պիտի Բացուի Թուրքիայէն Անցնող  Արեւելք-Արեւմուտք Գիծը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Բացումով Պիտի Բացուի Թուրքիայէն Անցնող Արեւելք-Արեւմուտք Գիծը» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

Մէկ ազգ` երկու պետութիւն սկզբունքը շատոնց դուրս եկած է պարզ կարգախօսի շրջանակներէն եւ վերածուած է աշխարհաքաղաքական միասնութեան: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւն: «Շրջանը, ուր մենք կը գտնուինք, պիտի դառնայ փոփոխուող աշխարհակարգին մէջ ամէնէն նշանակալիներէն մէկը, որովհետեւ ճիշդ այստեղէն կ՛անցնի Միջին միջանցքը: «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումով պիտի բացուի Թուրքիոյ մէջէն անցնող արեւելք-արեւմուտք երթուղին: Յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին...

Քալլաս. «Չինաստանին Ձեռնտու  Չէ Ուքրանիոյ Տագնապին Աւարտը»

Քալլաս. «Չինաստանին Ձեռնտու Չէ Ուքրանիոյ Տագնապին Աւարտը»

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս «Տը Էքոնոմիսթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Չինաստանը ռուս-ուքրանական տագնապին աւարտէն պիտի չշահի, որովհետեւ այդ պարագային Միացեալ Նահանգները իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն Փեքինի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա»-ն: Քալլասի համաձայն, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուան Եի վերջերս տեղի ունեցած զրոյցի ժամանակ ճիշդ այդ փորձած է իրեն...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին. «Պուրեվեսթնիք Հրթիռը Ճարտարագիտութեան Եւ Պաշտպանութեան Ոլորտներուն Մէջ Բացարձակ Նորարարութիւն Է»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Պուրեվեսթնիք» հրթիռները ճարտարագիտութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ բացարձակ նորարարութիւն են: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախքան այդ յայտարարեց, թէ «Պուրեվեսթնիք» հրթիռը եզակի է իր գործառնական գերազանց առաւելութիւններով եւ կը պարունակէ ճարտարագիտութիւն, որ կրնայ կիրարկել զինուորական եւ գիտական ոլորտներուն մէջ: Փութին Մոսկուայի մէջ զինուորական կեդրոնական հիւանդանոց իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Հրթիռի հիւլէական պաշտպանութեան...

Չինաստան Հաստատած Է «Թիքթոք» Յաւելուածը Ամերիկացի Ներդրողներուն Փոխանցելը

Չինաստան Հաստատած Է «Թիքթոք» Յաւելուածը Ամերիկացի Ներդրողներուն Փոխանցելը

Չինաստան հաստատած է չինական «ՊայթՏանս» ընկերութեան պատկանող «ԹիքԹոք» յաւելուածի իրաւունքները ամերիկացի ներդրողներուն փոխանցելու համաձայնագիրը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Շի Ճինփինկի Հարաւային Քորէայի մէջ հանդիպումէն ետք «Ֆոքս Պիզնըս» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ: «Քուալա Լամփուրի մէջ մենք վերջնականապէս համաձայնեցուցինք «ԹիքԹոք»-ի առնչուած համաձայնագիրը` Չինաստանի կողմէ...

Ռաֆսանժանիի Աղջիկը Ներքին Կողմեր  Կ՛ամբաստանէ Իր Հօր Սպանութեան Ետին  Կանգնելու Յանցանքով

Ռաֆսանժանիի Աղջիկը Ներքին Կողմեր Կ՛ամբաստանէ Իր Հօր Սպանութեան Ետին Կանգնելու Յանցանքով

Իրանի նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանիի աղջիկը` Ֆայիզա Հաշեմի իրանեան վարչակարգին մէջ ներքին կողմեր ամբաստանեց իր հօր սպանութեան ետին կանգնելու յանցանքով` շեշտելով, թէ իր հայրը «բնական մահով չմահացաւ»: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանի նախկին խօսնակ Մոհամետ Ռիտա Եազտանպրեսթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը հաւատա՞յ, թէ իր հայրը սպաննուած է, ան ըսաւ. «Այո՛»: Ինչ կը վերաբերի այն կողմին,...

Մետվետեւ. «Պելճիքայի Ափերուն «Փոսիտոն» Ստորջրեայ Հեռակառավարուող Սարքի Փորձարկումը Պիտի Յանգեցնէ Այդ Երկրի Անհետացման»

Մետվետեւ. «Պելճիքայի Ափերուն «Փոսիտոն» Ստորջրեայ Հեռակառավարուող Սարքի Փորձարկումը Պիտի Յանգեցնէ Այդ Երկրի Անհետացման»

Պելճիքայի  ափերուն «Փոսիտոն» ստորջրեայ հեռակառավարուող սարքի փորձարկումը պիտի յանգեցնէ այդ երկրի անհետացման: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ` ի պատասխան ընկերային ցանցերու օգտատիրոջ կողմէ իր գրառման վերաբերեալ կատարած մեկնաբանութեան: Մետվետեւ գրած է, թէ ի տարբերութիւն «Պուրեվեսթնիք» թեւաւոր հրթիռին, «Փոսիտոն»-ը կրնայ նկատուիլ աշխարհի վերջի զէնք: Մետվետեւ նոյն գրառման մէջ շնորհաւորած է բոլոր ռուս ընկերները «Փոսիտոն»-ի փորձարկման վերաբերեալ`...

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումը ջնջուեցաւ Մոսկուայի` Ուաշինկթընին յուշագիր մը յղելէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը: Բրիտանական օրաթերթը նշեց. «Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու Ռուսիոյ պահանջները պատճառ դարձան Պուտափեշտի մէջ որոշուած Փութինի եւ Թրամփի միջեւ ժողովի չեղեալ նկատուելուն»: Ռուսիոյ պահանջները կը ներառէին տարածքային զիջումներ, ուքրանական բանակի թուաքանակի կրճատում եւ երաշխիք, որ Քիեւը երբեք...

Page 56 of 882 1 … 55 56 57 … 882

Արխիւներ