Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիուզնէյշըն» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Կազայի մէջ զինադադարը փխրուն չէ, այլ` չափազանց տոկուն»:
Ան շեշտեց, որ Համասին պիտի ստիպէ մեծ արագութեամբ զինաթափուիլ, «եւ անիկա պիտի ոչնչացուի»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն այն անձն է, որուն Իսրայէլը պատերազմի ժամանակ կարիքը ունէր», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Չեմ կարծեր, թէ Նեթանիահուն Իսրայէլի մէջ լաւ վերաբերմունքի կ՛արժանանայ, եւ այդ հարցին մէջ քիչ մը պիտի միջամտենք անոր օգնելու համար, որովհետեւ մեծ անիրաւութեան կ՛ենթարկուի», ըսաւ ան:


