Մահացած է Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Տիք Չէյնի: Ան 84 տարեկան էր:
Չէյնի 2001-2009 թուականներուն վարած է Միացեալ Նահանգներու 46-րդ փոխնախագահի պաշտօնը Ճորճ Պուշ կրտսերի վարչակազմին օրով եւ կը նկատուէր ամերիկեան ներքաղաքական դաշտի ազդեցիկ եւ հակասական գործիչներէն մէկը:
«Սի.Էն.Էն.»-ի հաղորդումով` Չէյնի սիրտի հիւանդութիւններ ունէր եւ սիրտի քանի մը կաթուած անցուցած էր:


