Պելճիքայի ափերուն «Փոսիտոն» ստորջրեայ հեռակառավարուող սարքի փորձարկումը պիտի յանգեցնէ այդ երկրի անհետացման: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ` ի պատասխան ընկերային ցանցերու օգտատիրոջ կողմէ իր գրառման վերաբերեալ կատարած մեկնաբանութեան:
Մետվետեւ գրած է, թէ ի տարբերութիւն «Պուրեվեսթնիք» թեւաւոր հրթիռին, «Փոսիտոն»-ը կրնայ նկատուիլ աշխարհի վերջի զէնք:
Մետվետեւ նոյն գրառման մէջ շնորհաւորած է բոլոր ռուս ընկերները «Փոսիտոն»-ի փորձարկման վերաբերեալ` ընդգծելով իր յատուկ շնորհաւորանքները Պելճիքայի պաշտպանութեան նախարար Թէօ Ֆրանքենին:
Ֆրանքեն նախապէս յայտարարած էր, թէ ՕԹԱՆ-ը Մոսկուան հողին պիտի հաւասարեցնէ, եթէ Ռուսիան Պրիւքսելի վրայ հրթիռային յարձակում գործէ:


