Միջազգային

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

25-էն 30 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններու հիմամբ, Աֆղանիստանն ու Փաքիստանը զինադադարը երկարաձգելու համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին հաղորդեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Զինադադարի շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած էր 18-19 հոկտեմբերին, Տոհայի մէջ: Կողմերը նաեւ համաձայնած են մշակելու հսկողութեան եւ ստուգման մեքանիզմ մը, որ պիտի ապահովէ խաղաղութեան պահպանումը եւ խախտում կատարողներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկումը: Զինադադարի իրականացման...

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Հարաւային Քորէայի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի վեհաժողովի ծիրին մէջ 1 ժամ 40 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած է առեւտրական հարցերու շուրջ: Ճինփինկ կոչ ուղղեց Թրամփի հետ հանդիպումի արդիւնքները կարելի եղածին չափ շուտ վերջնական համաձայնութիւններով ամրագրելու: «Երկու կողմերը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ...

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան 7 նոյեմբերին Սպիտակ տան մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` ռուս-ամերիկեան վեհաժողովի գումարումը պատրաստելու համար: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան նախապէս նշած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ տագնապի լուծման եւ եւրոպական անվտանգութեան համակարգի ապագային շուրջ բանակցիլ մերժելով «աղէտալի սխալ մը» կը գործէ: Օրպան հունգարական «Էմ.1»...

Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Անելի Չէ Մատնուած»

Միացեալ Նահանգներ նախքան նախագահ Տանըլտ Թրամփի` հիւլէական փորձարկումները վերսկսելու իրենց ծրագիրին մասին հրապարակաւ յայտարարելը Ռուսիան տեղեակ չպահեցին: Այս մասին Քրեմլին յայտնեց իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Քրեմլին իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Եթէ որեւէ պետութիւն հրաժարի հիւլէական փորձարկումները դադրեցնելէն, ապա Ռուսիան այդ հիմամբ պիտի վարուի»: «Պուրեվեսթնիք» հրթիռի արձակումը որեւէ պարագայի հիւլէական փորձարկում չէր», յայտարարեց Քրեմլին: Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով...

«Քաթար Կրնայ Միացեալ Նահանգներու  Եւ Վենեզուելայի Միջեւ Ճգնաժամի Կարգաւորման  Հարցին Մէջ Միջնորդ Ըլլալ»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

«Քաթար Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Եւ Վենեզուելայի Միջեւ Ճգնաժամի Կարգաւորման Հարցին Մէջ Միջնորդ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթար կրնայ միջնորդի դեր խաղալ Միացեալ Նահանգներու եւ Վենեզուելայի միջեւ ճգնաժամի կարգաւորման գործին մէջ, եթէ Ուաշինկթըն հետաքրքրուած ըլլայ, սակայն տակաւին այս ուղղութեամբ որեւէ որոշակի քայլ չէ ձեռնարկած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է արաբական պետութեան վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլա Մատուրօ բազմիցս յայտարարած է, որ իր երկիրը կը...

Թուրքիան Կը Շարունակէ «Եուրոֆայթըր  Թայֆուն»-ներ Գնելու Շուրջ Բանակցիլ  Քաթարի Եւ Օմանի Հետ

Թուրքիան Կը Շարունակէ «Եուրոֆայթըր Թայֆուն»-ներ Գնելու Շուրջ Բանակցիլ Քաթարի Եւ Օմանի Հետ

Թուրքիան կը շարունակէ Քաթարի եւ Օմանի հետ բանակցութիւնները` «Եուրոֆայթըր Թայֆուն» հալածիչներ ձեռք բերելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Շաբաթասկիզբին ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներ Թուրքիան եւ Բրիտանիան կնքեցին 20 հալածիչ գնելու համաձայնագիր: Թուրքիա յայտնած է, որ կ՛ամրապնդէ իր օդային պաշտպանութիւնը: Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ գործարքի արժէքը 5,4 միլիառ սթերլինկ է: «Եուրոֆայթըր Թայֆուն»-ը Բրիտանիոյ,...

Միացեալ Նահանգներ Հնդկաստանը 6 Ամիսով  Ազատած Են Իրանի Չապահար Նաւահանգիստին Դէմ  Հաստատուած Պատժամիջոցներէն

Միացեալ Նահանգներ Հնդկաստանը 6 Ամիսով Ազատած Են Իրանի Չապահար Նաւահանգիստին Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներէն

Միացեալ Նահանգներ Հնդկաստանը 6 ամիսով ազատած են Իրանի Չապահար նաւահանգիստին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներէն, որոնք ուժի մէջ մտած էին 29 սեպտեմբերին: «Ինտիա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կը նշուի, որ Հնդկաստանի համար իրանեան Չապահար նաւահանգիստը Աֆղանիստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ռուսիոյ արեւելեան մասին հետ փոխադրամիջոցային կապերու կարեւորագոյն հատուածն է: Իրանն ու Հնդկաստանը 2003 թուականին հաստատած...

Փաքիստան Եւ Աֆղանիստան Համաձայնեցան  Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Խաղաղութեան  Բանակցութիւնները

Փաքիստան Եւ Աֆղանիստան Համաձայնեցան Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Խաղաղութեան Բանակցութիւնները

Փաքիստան եւ Աֆղանիստան համաձայնութիւն գոյացուցած են Պոլսոյ մէջ վերսկսելու խաղաղութեան բանակցութիւնները: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ անոնց միջեւ բանակցութիւններու առաջին փուլը աւարտած էր առանց արդիւնքի ձեռքբերման: Փաքիստանի անվտանգութեան ծառայութենէն լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Իսլամապատ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի պնդէ իր հիմնական պահանջը, որ Աֆղանիստան քայլերու ձեռնարկէ զինեալներու դէմ, որոնք աֆղանական տարածքը կ՛օգտագործեն իբրեւ անվտանգ ապաստարան եւ յարձակումներ կը ծրագրեն...

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իսրայէլ վրէժ լուծելու իրաւունք ունի, եւ Համաս շարժումը Միջին Արեւելքի համաձայնութեան մէջ փոքր բաժին մըն է»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Թրամփ շարժումը զգուշացուց ըսելով. «Եթէ ճիշդ ձեւով չվարուիս, պիտի ոչնչացուիս»: Սպիտակ տան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ նշեց. «Կազայի մէջ զինադադարը վտանգուած չէ»: «Կազայի վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումները զինադադարը պիտի չականահարեն: Կազայի դէմ իսրայէլեան...

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Չինական իշխանութիւնները հաստատեցին, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփ այսօր Հարաւային Քորէայի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենան: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Ճինփինկ եւ Թրամփ «կարեւոր» նիւթերու շուրջ «խոր» բանակցութիւններ պիտի վարեն: Նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք նաեւ պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու...

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Քորէայի նախագահ Լի Ժէյ Միոնկի հետ Ժիոնկժու քաղաքին մէջ հանդիպումէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական համաձայնութեան գոյացումը յայտարարեց: Այս առումով լրագրողներու հարցումին պատասխանելով Թրամփ ըսաւ` «զայն գոյացուցինք», առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնելու: Հարաւային Քորէայի նախագահի օգնական Քիմ Եոնկ-պէոմ յայտնեց, որ երկու կողմերը փոխադարձ մաքսատուրքերը պիտի պահեն 15 առ հարիւրի վրայ, սակայն ինքնաշարժներու եւ անոնց կտորներուն...

Մոնթենեկրոյի Մայրաքաղաքին Մէջ  Հակաթրքական Բողոքի Ցոյց

Մոնթենեկրոյի Մայրաքաղաքին Մէջ Հակաթրքական Բողոքի Ցոյց

Մոնթենեկրոյի մայրաքաղաք Փոտկորիցայի մէջ տեղի ունեցած է թուրքերու դէմ բողոքի ցոյց մը: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները բացագանչած են` «Թուրքե՛ր, դուրս» եւ «Ով որ չի ցատկեր, թուրք է»: Բողոքի ցոյցերը սկսած են Թուրքիոյ քաղաքացիի մը կողմէ Մոնթենեկրոյի բնակիչի մը վրայ յարձակումէն ետք: 26 հոկտեմբերի երեկոյեան Մոնթենեկրոյի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Թուրքիոյ երկու քաղաքացիներ` Փոտկորիցայի բնակիչը դանակահարելնուն համար: Այդ դէպքէն ետք Մոնթենեկրոյի իշխանութիւնները որոշած...

Իսրայէլ-Սուրիա Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին Եւ Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան

Իսրայէլ-Սուրիա Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Եւ Իրենց Աւարտին Կը Մօտենան

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ-Սուրիա բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ իրենց աւարտին կը մօտենան: Աղբիւրը աւելցուց, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն եւ սուրիական կողմին փոխանցած է, թէ Սուրիոյ մէջ անջատման կոչերուն չ՛աջակցիր: Ամերիկեան վարչակազմի Սուէյտա նահանգին մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ դժգոհութենէն ետք, իսրայէլեան կողմը նաեւ Ուաշինկթընին յայտնած է, որ տիւրզի ղեկավար Հիքմեթ Հըժրիի կամ Սուէյտա նահանգին մէջ ուրիշ...

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Մեզի եւս պէտք են երաշխիքներ, թէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպումը որոշակի արդիւնքներ պիտի տայ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Էնքըրէյճի մէջ նախագահներ Փութինի եւ Թրամփի հանդիպումին ժամանակ, մենք աջակցած էինք այն առաջարկներուն, որոնք ատկէ մէկ շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվըն Ուիթքոֆը բերած էր Մոսկուա եւ որոնց հիման վրայ մենք պատրաստ...

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ հեռաձայնային բանակցութիւններու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական տարակարծութիւններու կարգաւորման շրջագծային համաձայնութիւն գոյացած է: Չինական պետական «Սի.Սի.Թի.Վի.»-ն հաղորդեց, թէ Ուանկ Եի նշած է, որ երկու կողմերը Քուալամփուրի մէջ տնտեսական եւ առեւտրական բանակցութիւններու հետ առեւտրական տարակարծութիւններու կարգաւորման շրջագծային համաձայնութեան գոյացման հասած են` աւելցնելով, որ երկու երկիրներու...

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Համաս շարժումը կ՛ոտնահարէ Կազայի զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկեմ խախտումներուն դիմակայման հարցը»: «Համաս յանձնեց դիակը յաւելեալ գերիի մը, որ սպաննուած էր, եւ իսրայէլեան ուժերը իրապէս անոր դիակը գտան», ըսաւ ան: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդած էր, թէ իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտնած է. «Համասի` դիակները վերադարձնելու համաձայնութիւնը խախտելուն նկատմամբ քայլեր պիտի...

Օրպան. «Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Հետ  Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Շուրջ Բանակցիլ  Մերժելով Աղէտալի Սխալ Մը Կը Գործէ»

Օրպան. «Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Հետ Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Շուրջ Բանակցիլ Մերժելով Աղէտալի Սխալ Մը Կը Գործէ»

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ տագնապի լուծման եւ եւրոպական անվտանգութեան համակարգի ապագային շուրջ բանակցիլ մերժելով «աղէտալի սխալ մը» կը գործէ: Օրպան հունգարական «Էմ.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ուքրանական տագնապը կարելի է լուծել միայն այլ երկիրներու մասնակցութեամբ: «Ատիկա կարելի է իրագործել միայն արտաքին կողմերու միջամտութեամբ եւ ոչ թէ կողմի մը ռուսերուն հետ խաղաղութեան շուրջ...

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվան պատրաստ է Թրամփին օգնելու` լուծելու Ուքրանիոյ տագնապը: «Ես տակաւին Թրամփին չեմ ըսած, սակայն շուտով պիտի ըսեմ. կը կարծեմ, թէ մենք նոյնպէս կրնանք օգնել վերջ տալու Ուքրանիոյ տագնապը, որովհետեւ, իմ կարծիքովս, անիկա արդէն հասած է հասունութեան կէտին», ըսած է Պրազիլի նախագահը: Պրազիլի ղեկավարին համաձայն, տագնապը արդէն երեք տարիէ կ՛երկարի, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն...

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամ Լինտսի Կրահամ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, «թմրեցուցիչի օտարազգի առեւտրականներու» դէմ իր լայնածաւալ զինուորական արշաւին ծիրին մէջ, մօտ օրէն Քոնկրեսը տեղեակ պիտի պահէ Հարաւային Ամերիկայի մէջ «հաւանական զինուորական գործողութիւններու» մասին: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն: Թրամփի ամէնէն ականաւոր դաշնակիցներէն եղող Կրահամ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պաշտպանեց նախագահին Հարաւային Ամերիկայի մէջ զինուորական գործողութիւնները...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Մոսկուան տակաւին Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման նկատմամբ դրական տրամադրուած է»: «Մենք տակաւին Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման նկատմամբ դրական տրամադրուած ենք, նախ եւ առաջ մեկնելով մեր շահերէն», լրագրողներուն յայտնեց ան: «Այս յարաբերութիւնները իրենց ամէնէն ցած մակարդակին վրայ են: Մինչեւ հիմա,  այս յարաբերութիւնները նախկին ճահճացած վիճակէն դուրս բերելու միայն նախնական փորձեր երեւան եկան, թէեւ չնչին», նշեց Փեսքով:...

Page 57 of 882 1 … 56 57 58 … 882

Արխիւներ