Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս «Տը Էքոնոմիսթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Չինաստանը ռուս-ուքրանական տագնապին աւարտէն պիտի չշահի, որովհետեւ այդ պարագային Միացեալ Նահանգները իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն Փեքինի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա»-ն:
Քալլասի համաձայն, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուան Եի վերջերս տեղի ունեցած զրոյցի ժամանակ ճիշդ այդ փորձած է իրեն փոխանցել:


