Իրանի նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանիի աղջիկը` Ֆայիզա Հաշեմի իրանեան վարչակարգին մէջ ներքին կողմեր ամբաստանեց իր հօր սպանութեան ետին կանգնելու յանցանքով` շեշտելով, թէ իր հայրը «բնական մահով չմահացաւ»:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանի նախկին խօսնակ Մոհամետ Ռիտա Եազտանպրեսթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը հաւատա՞յ, թէ իր հայրը սպաննուած է, ան ըսաւ. «Այո՛»:
Ինչ կը վերաբերի այն կողմին, որ իր կարծիքով` կը կանգնի իր հօր սպանութեան ետին, Հաշեմի պատասխանած է. «Ո՞վ Ամիր Քապիրը սպաննեց: Վերջաւորութեան, երբ իշխանութեան գլուխ գտնուող մէկը կը սպաննուի, եւ հայրս պարզ դիրքի վրայ չէր, հարցը վարչակարգին մէջ խումբի մը կազմակերպումով կ՛ըլլայ»:
Հաշեմի հերքեց, թէ Իսրայէլը կամ Ռուսիան իր հօր «սպանութեան» հետ որեւէ կապ ունեցած են, եւ շեշտեց, թէ խնդիրը «ներքին» է:
«Կը կարծեմ, որ հարցը ներքին է, եւ հայրս կը քննադատէր, ժողովուրդին կողքին կը կանգնէր, եւ անոնց իրենց ուզածը ընելուն արգելք կը կանգնէր: Չէին կրնար զինք բանտարկել կամ լռեցնել, ուստի պէտք էր իրմէ ձերբազատուէին: Անոնց առջեւ խոչընդոտ էր, աչքերնուն փուշը, այլեւս զինք հանդուրժելու անկարող էին», աւելցուց ան:
Խօսելով իրանեան վարչակարգին մէջ իր հօր նստաշրջանին տարակարծութիւններուն մասին` ան նշեց, որ Ռաֆսանժանին «իշխանութիւնը իրարանցումի մատնող ազդակ էր»:
Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Ռաֆսանժանիի դստեր դէմ դատական հայց ներկայացուած է:


