Մէկ ազգ` երկու պետութիւն սկզբունքը շատոնց դուրս եկած է պարզ կարգախօսի շրջանակներէն եւ վերածուած է աշխարհաքաղաքական միասնութեան: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւն:
«Շրջանը, ուր մենք կը գտնուինք, պիտի դառնայ փոփոխուող աշխարհակարգին մէջ ամէնէն նշանակալիներէն մէկը, որովհետեւ ճիշդ այստեղէն կ՛անցնի Միջին միջանցքը:
«Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումով պիտի բացուի Թուրքիոյ մէջէն անցնող արեւելք-արեւմուտք երթուղին: Յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին մենք պիտի տեսնենք այս հոլովոյթներուն յառաջընթացը», ըսած է ան:


