Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հիմնադիր Ապտուլլա Օճալան թրքական բանտէն հրապարակուած ուղերձին մէջ կոչ ուղղած է խաղաղութեան ու հաշտեցման համար իրական ջանքեր գործադրելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Բոլորը պէտք է գործեն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով», յայտարարած է ան:
Օգոստոսէն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ, որ կը քննէ ոչ միայն 1999-էն բանտարկուած Օճալանի ճակատագիրը, այլ նաեւ անոր զինեալներուն անվտանգութեան երաշխիքներ տալու կարելիութիւնը:
«Անհրաժեշտ է քրտական հարցը` իր բոլոր դրսեւորումներով, ներառեալ երկրի իրաւական դաշտին մէջ կարգաւորել», յայտարարած է Օճալան:
Խորհրդարանի քրտամէտ խմբակցութիւնը եւս պնդած է, թէ ժամանակն է իրաւական եւ քաղաքական քայլերու անցնելու:


