Պաղեստինեան Համաս շարժումը պատրաստակամութիւն յայտնած է Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնագիրի ծիրին մէջ վար դնելու ծանր զէնքը, իսկ Միացեալ Նահանգները համաձայն են ընդունելու նմանատիպ զինաթափման ձեւաչափ: Այս մասին կը հաղորդէ արաբական «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը` յղում կատարելով ամերիկացի միջնորդ Պիշարա Պահպահին:
«Կազայի բանակցութիւններու գլխաւոր միջնորդ Պիշարա Պահպահ յայտնած է, թէ Համաս շարժումը, որուն հետ ան շարք մը բանակցութիւններ վարած է, իրեն յայտնած է, թէ զէնքը վար դնելու կարելիութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած է եւ պատրաստ է ատիկա ընելու», կ՛ըսէ օրաթերթը:
Պահպահ նաեւ նշած է, որ ամերիկեան վարչակազմը իրեն յայտնած է Ուաշինկթընի` նման ձեւաչափը ընդունելու պատրաստակամութիւնը:
Աւելի՛ն, Համաս խոստացած է չմշակել որեւէ զէնք Կազայի հատուածի մէջ կամ մաքսանենգման ճամբով զէնք չներածել այնտեղ: Պահպահ ընդգծած է, որ ասոնք կարեւոր կէտեր են, սակայն Իսրայէլ կը պնդէ Համասի բոլոր փապուղիներու կազմաքանդման վրայ` իբրեւ զինաթափման հոլովոյթի մէկ մաս:
Միջնորդը մտահոգութիւն յայտնած է, որ նման զինաթափման ձեւաչափը, որ պիտի ներառէ փապուղիներու լիակատար վերացումը, կրնայ տարիներ տեւել, ինչ որ իր կարգին զգալիօրէն պիտի դանդաղեցնէ Կազայի վերականգնման հոլովոյթը:


