Միջազգային

«Թուրքիան Կը Յուսայ, Որ 2019-ին  Ռուսիոյ Հետ  Մուտքի Արտօնագիրը  Ամբողջովին Ջնջուած Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Թուրք Փոխնախարարը

«Թուրքիան Կը Յուսայ, Որ 2019-ին Ռուսիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագիրը Ամբողջովին Ջնջուած Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Թուրք Փոխնախարարը

Թուրքիան յոյս ունի, որ 2019 թուականին Ռուսիոյ հետ մուտքի արտօնագիրը ամբողջովին ջնջուած պիտի ըլլայ, թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ առեւտուրի փոխնախարար Ֆաթիհ Մեթին: Ան նշած է, որ այս տարի Ռուսիան հիւրընկալած է  Թուրքիայէն շուրջ 6 միլիոն զբօսաշրջիկ, եւ իրենք յոյս ունին, որ այդ թիւը մօտիկ ապագային առաւել եւս կ՛աճի: «2019-ը մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տարի...

«27 Վայրկեան, Եւ Ուքրանական  Այդ Բանակէն Ոչինչ Կը Մնայ»  Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի

«27 Վայրկեան, Եւ Ուքրանական Այդ Բանակէն Ոչինչ Կը Մնայ» Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի սպառնացած է 27 վայրկեանի ընթացքին ոչնչացնել ուքրանական բանակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Օպոզվերաթել» օրաթերթը, որ կը նշէ, թէ այս տարուան սեպտեմբերի սկիզբը Ժիրինովսքին յայտարարած էր, որ ատոր համար Ռուսիոյ բաւարար է 5 վայրկեանը: «Հիթլերը ստեղծեց «Կալիչինա» զօրամասը: Որքա՞ն անիկա պատերազմեցաւ, երբ բախում ունեցաւ խորհրդային բանակին հետ: 27 վայրկեան: Վե՛րջ: Իսկ (Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար)...

Էրտողան. «Երկու Օրէն Եփրատի Արեւելեան  Ափին Դէմ Զինուորական  Գործողութիւն Պիտի Շղթայազերծենք»

Էրտողան. «Երկու Օրէն Եփրատի Արեւելեան Ափին Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Պիտի Շղթայազերծենք»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց.«Երկու օրէն Եփրատի Արեւելեան Ափին դէմ զինուորական գործողութիւն պիտի շղթայազերծենք»: «Մենք վճռական ենք Եփրատի Արեւելեան ափը անվտանգ եւ բնակելի դարձնելու հարցին մէջ», նշեց ան:

«Կը Զօրակցիմ Սէուտական Արաբիոյ  Գահաժառանգին, Ան Ուաշինկթընի  Շատ Լաւ Դաշնակիցն Է»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Կը Զօրակցիմ Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգին, Ան Ուաշինկթընի Շատ Լաւ Դաշնակիցն Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը լաւապէս կը տիրէ իր երկրին իշխանութեան: Թրամփ այս մասին յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: «Կը զօրակցիմ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին` հակառակ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով յառաջացած զայրոյթին», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով, որ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը իր երկիրը կը ղեկավարէ եւ շատ լաւ դաշնակից մըն է:...

Փենթակոն. «Ամբողջացուցինք Հիւսիսային  Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ  Հսկողութեան Կէտերու Հաստատման Հոլովոյթը»

Փենթակոն. «Ամբողջացուցինք Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Հսկողութեան Կէտերու Հաստատման Հոլովոյթը»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր գնդապետ Ռապ Մանինկ յայտարարեց, որ ամբողջացած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ սահմանին մօտ հսկողութեան կէտերու հաստատումը` Թուրքիոյ բանակին եւ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող քիւրտ զինեալներուն միջեւ որեւէ բախում կանխարգիլելու համար: «Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հրամանով` Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ  հիւսիսարեւելեան սահմանային շրջանին մէջ հաստատեց հսկողութեան կէտեր` փարատելու համար ՕԹԱՆ-ի մէջ մեր դաշնակից Թուրքիոյ ապահովական մտավախութիւնները», ըսաւ...

Ռուսական Ռմբաձիգներու Ժամանման  Ստեղծած Լարուածութենէն Ետք.  «Վենեզուելային Պիտի Չարտօնենք  Ռազմափորձերով Մեզ Սադրանքի Ենթարկել»  Կ՛ըսէ Քոլոմպիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Ռուսական Ռմբաձիգներու Ժամանման Ստեղծած Լարուածութենէն Ետք. «Վենեզուելային Պիտի Չարտօնենք Ռազմափորձերով Մեզ Սադրանքի Ենթարկել» Կ՛ըսէ Քոլոմպիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Քոլոմպիոյ պաշտպանութեան նախարար Կիերմօ Փոթեր յայտարարեց, թէ իր երկիրը Վենեզուելային պիտի չարտօնէ զինք սադրանքի ենթարկել` իր պատերազմական օդանաւերը Վենեզուելա ուղարկած Ռուսիոյ աջակցութեամբ ռազմափորձերով: Նախարարը «Տապլիու» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Քոլոմպիան սադրիչ երկիր մը չէ, եւ չ՛ուզեր իր դրացիներէն ոեւէ մէկը գրգռել, սակայն պիտի չենթարկուի ու անձնատուր պիտի չըլլայ սադրանքներուն եւ ոչ ոքի պիտի արտօնէ զինք ահաբեկել»: Ան...

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան  Աշխատակիցները Կանչուած Են Հարցաքննութեան

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Աշխատակիցները Կանչուած Են Հարցաքննութեան

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան երկու աշխատակիցներու դէմ հետաքննութիւն սկսած է` Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Կիւլենական կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու պնդումին համար: Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին, թուրք պաշտօնեաներ Ճեմ Ուլուսէոյ եւ Ճելիլ Էրտողան կանչուած են հարցաքննութեան` դեսպանատան աշխատանքի ժամանակահատուածի ընթացքին: Դեսպանատունը մերժած է այլ մանրամասնութիւններ տրամադրել:

Վենեզուելայի Մէջ Գնաճը  1,3 Միլիոն Առ Հարիւրի Հասած Է

Վենեզուելայի Մէջ Գնաճը 1,3 Միլիոն Առ Հարիւրի Հասած Է

Վենեզուելայի մէջ գիները աճած են 1,3 միլիոն առ հարիւրով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող խորհրդարանի յայտարարութիւնը: Նախապէս Միջազգային դրամական ֆոնտը նախատեսած էր, որ 2018-ին Վենեզուելայի մէջ գնաճը 1 միլիոն առ հարիւր պիտի ըլլայ, իսկ յաջորդ տարի` 10 միլիոն առ հարիւր: Վենեզուելայի խորհրդարանի տուեալներուն համաձայն, նոյեմբերին գնաճը 144 առ հարիւր եղած է` սեպտեմբեր...

Թուրքիան Պէտք Է Արեւմուտքի  Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Ընտրանք Կատարէ

Թուրքիան Պէտք Է Արեւմուտքի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Ընտրանք Կատարէ

«Էս-400»-ի Գնման Հոլովոյթը Պէտք Է Դադրեցուի, Այլապէս Թուրքիոյ Որոշակի Հետեւանքներ Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Ինհոֆ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի զինեալ ուժերու հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ճէյմս Ինհոֆ, մեկնաբանելով ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգերու ձեռքբերման ռուս-թրքական գործարքը, Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` ընտրութիւն կատարելու Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ` սպառնալով, որ այդ զէնքի ձեռք բերումը հետեւանքներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»: Ինհոֆ...

Իսրայէլ Որոշած Է Թուրքիոյ Մէջ  Նոր Դեսպան Եւ Հիւպատոս Չնշանակել

Իսրայէլ Որոշած Է Թուրքիոյ Մէջ Նոր Դեսպան Եւ Հիւպատոս Չնշանակել

Իսրայէլ որոշած է Թուրքիոյ մէջ նոր դեսպան չնշանակել: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ամնոն Նահշոն: Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Կազայի մէջ պաղեստինեւիսրայէլեան արիւնալի բախումներէն ետք, թրքական իշխանութիւնները խստօրէն քննադատած էին իսրայէլեան բանակի գործողութիւնները` Իսրայէլը կոչելով «ահաբեկչական» պետութիւն, որմէ ետք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի մէջ գործող երկու երկիրներու դեսպանները տուն կանչուած էին:...

Վրաստանի Նոր Նախագահը Խոստացած Է  Իր Երկիրը «Հասցնել» Եւրոպական Միութիւն Եւ ՕԹԱՆ

Վրաստանի Նոր Նախագահը Խոստացած Է Իր Երկիրը «Հասցնել» Եւրոպական Միութիւն Եւ ՕԹԱՆ

Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի մտադիր է Եւրատլանտեան համարկումի հարցին մէջ Վրաստանի ամէնէն աշխուժ նախագահը դառնալ: Այդ մասին ան յայտնած է «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութեան իր տուած հարցազրոյցին մէջ: «Այդ վեց տարիները շատ կարեւոր պիտի ըլլան Վրաստանի համար, որ կը շարժի դէպի Եւրոպա, Եւրոպական Միութիւն, ՕԹԱՆ: Այդ ընթացքին մենք պէտք է որքան կարելի է մօտենանք ատոր, կամ համարկուինք ամբողջութեամբ: Եւ ես...

ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Զեկուցումին Համաձայն.  Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ Միակ Անազատ Երկիրն Է

ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Զեկուցումին Համաձայն. Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ Միակ Անազատ Երկիրն Է

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ միակ անազատ երկիրն է: Այս մասին նշուած է ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Անվտանգութեան քաղաքացիական բաղադրիչի յանձնախումբի որդեգրած զեկուցումին մէջ: Թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը կը նշէ, որ նշեալ զեկուցումը Թուրքիան քննադատող ՕԹԱՆ-ի առաջին պաշտօնական զեկուցումն է: Աշխարհի շարք մը երկիրներուն մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին վերաբերեալ զեկուցումին մէջ, մասնաւորաբար, կը նշուի, որ Թուրքիան «Ֆրիտըմ Հաուս»-ին կողմէ ճանչցուած անազատ երկիրներու շարքին է:...

Թրամփ Կրնայ Ամերիկեան Ուժերը  Հեռացնել Միջին Արեւելքէն

Թրամփ Կրնայ Ամերիկեան Ուժերը Հեռացնել Միջին Արեւելքէն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ երկարաշունչ հարցազրոյց տուած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին` անդրադառնալով շարք մը կարեւոր հարցերու: Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսած է, թէ կը մտածէ ամերիկեան ուժերը Միջին Արեւելքէն հեռացնելու մասին: Թրամփ մանրամասնած է, որ ատիկա պայմանաւորուած է քարիւղի գիներուն անկումով: «Այդ շրջանին մէջ մեր ներկայութեան պատճառը Իսրայէլն է, սակայն միւս կողմէ քարիւղի գիները կը նուազին: Բացի ատկէ, մենք այժմ...

Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը.  Ուքրանիա Միացեալ Նահանգներու Հետ  Կը Քննարկէ Ռուսիայէն Պաշտպանուելու Համար  Ամերիկեան Ռազմակայանի Հաստատման Կարելիութիւնը

Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը. Ուքրանիա Միացեալ Նահանգներու Հետ Կը Քննարկէ Ռուսիայէն Պաշտպանուելու Համար Ամերիկեան Ռազմակայանի Հաստատման Կարելիութիւնը

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն հետ կը քննարկեն երկրի արեւելքը կամ Խրիմի մօտ ամերիկեան ռազմակայանի տեղակայման հեռանկարը: Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է Ուքրանիոյ իշխող «Փիոթր Փորոշենքոյի պլոք» կուսակցութեան երեսփոխան Իվան Վիննիք: «Ռազմակայանը, ի հարկէ, իրաւամբ անհրաժեշտ է: Որովհետեւ այլ ձեւով չենք կրնար լիարժէք կերպով ապահովել մեր երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը` Ռուսիոյ քաղաքականութեան լոյսին տակ», ըսած է Վիննիք`...

Սթրազպուրկի Մէջ Զինեալ  Յարձակում Մը Պատճառեց 4 Զոհ

Սթրազպուրկի Մէջ Զինեալ Յարձակում Մը Պատճառեց 4 Զոհ

«Սքայ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ երէկ երեկոյեան ֆրանսական ոստիկանութիւնը բախում մը ունեցած է զինեալի մը հետ, որ Սթրազպուրկ քաղաքի կեդրոնին մէջ յարձակում մը գործած էր: Զինեալ յարձակումին ընթացքին արձանագրուած է 4 զոհ: Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, զինեալը վիրաւորուած է ոստիկանութեան հետ բախումի ընթացքին:

Մաքրոնի Ուղերձը  Ուշացած Նկատելով`  Ֆրանսայի Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն  Շարունակելու Ցոյցերը

Մաքրոնի Ուղերձը Ուշացած Նկատելով` Ֆրանսայի Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն Շարունակելու Ցոյցերը

Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան եւ «Չընկրկած Ֆրանսա» ձախակողմեան կուսակցութեան ղեկավար Ժան Լիւք Մելանշոն քննադատած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` ժողովուրդին յղած պատկերասփռուած ուղերձը: Ֆրանսական «Լիպերասիոն» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ան յայտարարած է. «Մաքրոն սխալած է դարաշրջանի հարցին մէջ: Ան սկսաւ նախատել ժողովուրդը եւ ոչ մէկ խօսք ըսաւ վիրաւորներուն մասին»: Անոր կարծիքով` նախագահը մոռցած է քաղաքացիներու այնպիսի աղքատ դասակարգերուն մասին, ինչպիսիք...

Աւստրալիա Երուսաղէմը  Կը Ճանչնայ Իսրայէլի Մայրաքաղաք

Աւստրալիա Երուսաղէմը Կը Ճանչնայ Իսրայէլի Մայրաքաղաք

Աւստրալիոյ կառավարութիւնը որդեգրած է Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշում մը: «Ինթըրֆաքս» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «ՆԻՈՒԶռու Իսրայէլ» կայքը` յղում կատարելով աւստրալիական լրատուամիջոցներուն: Բայց եւ այնպէս Քանպերան իր դեսպանատունը պիտի չտեղափոխէ Երուսաղէմ, այլ այդտեղ հիւպատոսութիւն պիտի բանայ: Ներկայիս Երուսաղէմի մէջ կը գործեն Միացեալ Նահանգներու եւ Կուաթեմալայի դեսպանատուները: Փարակուէյ, որ դեսպանատունը այդտեղ տեղափոխած էր, քանի մը ամիս ետք զայն...

Ուաշինկթըն Եւ Արաբական Երկիրներ Մտադիր Են  Իրանի Դէմ Զինուորական Նոր Դաշինք Ստեղծել

Ուաշինկթըն Եւ Արաբական Երկիրներ Մտադիր Են Իրանի Դէմ Զինուորական Նոր Դաշինք Ստեղծել

Արաբական երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններ կը վարեն հակաիրանեան դաշինք ձեւաւորելու նպատակով: «Էյժա Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է. «Երկու կողմերն ալ կ՛ուզեն, որ ատիկա տեղի ունենայ»: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտարարած է, որ շարք մը արաբական երկիրներ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ կը վարեն` Միջին Արեւելքը «զինուորական յարձակումէ» պաշտպանելու նպատակով նոր համաձայնագիրի...

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի.  ՏԱՀԵՇ Լոնտոնի Փապուղիին Մէջ Քիմիական  Զէնքով Յարձակում Ծրագրած Է

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. ՏԱՀԵՇ Լոնտոնի Փապուղիին Մէջ Քիմիական Զէնքով Յարձակում Ծրագրած Է

Բրիտանիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հետախուզութիւնը բացայայտած է, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ծրագրած է Լոնտոնի մէջ քիմիական զէնքով յարձակում գործել: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը: Օրաթերթը կը մանրամասնէ, որ ժիհատականներու ծրագիրին մասին յայտնի դարձած է ՏԱՀԵՇ-ի բարձրաստիճան անդամներու միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ձայնագրութենէն: Այժմ իշխանութիւնները կը կարծեն, թէ Բրիտանիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քիմիական զէնքով յարձակում գործելու հաւանականութիւնը 25 առ...

«Եւրոպական Միութիւնը  Մտավախութիւն Յայտնած Է,  Որ Աշխարհի Մէջ Գերիշխող  Պիտի Դառնայ «Անտառի Օրէնքը»  Կ՛ըսէ Մոկերինի

«Եւրոպական Միութիւնը Մտավախութիւն Յայտնած Է, Որ Աշխարհի Մէջ Գերիշխող Պիտի Դառնայ «Անտառի Օրէնքը» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի մտավախութիւն յայտնած է, որ միջազգային անվտանգութեան համար կարեւոր փաստաթուղթերու վիճարկման պատճառով աշխարհի վրայ իրաւունքի գերակայութեան փոխարէն կրնայ գերիշխող դառնալ անտառի օրէնքը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Եւրոպական Միութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոկերինի Հարվըրտ համալսարանի Քենետիի անուան միջազգային յարաբերութիւններու դպրոցին մէջ արտասանած խօսքին մէջ նշած է. «Այսօր մենք...

Page 559 of 884 1 … 558 559 560 … 884

Արխիւներ