Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Ռմբաձիգներու Ժամանման Ստեղծած Լարուածութենէն Ետք. «Վենեզուելային Պիտի Չարտօնենք Ռազմափորձերով Մեզ Սադրանքի Ենթարկել» Կ՛ըսէ Քոլոմպիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

December 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոլոմպիոյ պաշտպանութեան նախարար Կիերմօ Փոթեր յայտարարեց, թէ իր երկիրը Վենեզուելային պիտի չարտօնէ զինք սադրանքի ենթարկել` իր պատերազմական օդանաւերը Վենեզուելա ուղարկած Ռուսիոյ աջակցութեամբ ռազմափորձերով:

Նախարարը «Տապլիու» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Քոլոմպիան սադրիչ երկիր մը չէ, եւ չ՛ուզեր իր դրացիներէն ոեւէ մէկը գրգռել, սակայն պիտի չենթարկուի ու անձնատուր պիտի չըլլայ սադրանքներուն եւ ոչ ոքի պիտի արտօնէ զինք ահաբեկել»:

Ան յայտնեց, որ Վենեզուելայի ռազմափորձերը իր երկրին համար նորութիւն չեն, «եւ քոլոմպիական ուժերը ուշադրութեամբ պիտի հետեւին այդ ռազմափորձերուն»:

Նշենք, որ Ռուսիոյ օդուժի հիւլէական զէնքեր կրելու կարողութիւն ունեցող «Թու-160» տիպի երկու հեռահաս ռազմավարական ռմբաձիգներ երկուշաբթի օր ռուսական երկու այլ օդանաւերու հետ էջք կատարած էին Վենեզուելա:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց. «Ռուս եւ վենեզուելացի ժողովուրդները ատիկա պէտք է տեսնեն ինչպէս որ է. երկու փտած կառավարութիւններ պետական ֆոնտեր կը մսխեն, եւ կը ճնշեն ազատութիւնը` մինչ անոնց ժողովուրդները կը տառապին»: Ռուսիոյ կառավարութիւնը անոր խօսքերը կոչեց «ամբողջովին անպատշաճ»: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Փոմփէոյի խօսքերը «չափազանց ոչ դիւանագիտական» են:

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Աշխատակիցները Կանչուած Են Հարցաքննութեան

Յաջորդը

Փենթակոն. «Ամբողջացուցինք Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Հսկողութեան Կէտերու Հաստատման Հոլովոյթը»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.