Միջազգային

Ազրպէյճանի Նախագահական Յաջորդ  Ընտրութիւնները` Ապրիլ 2025-ին

Ազրպէյճանի Նախագահական Յաջորդ Ընտրութիւնները` Ապրիլ 2025-ին

Ազրպէյճանի մէջ իր լրումին հասած է Ընտրական օրէնսգիրքի մշակումը եւ որդեգրուած է նախագահական ընտրութեան ժամկէտը փոխելու որոշում մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Յաջորդ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2025-ի ապրիլ ամսուան երկրորդ չորեքշաբթի օրը: Ընտրական օրէնսգիրքի այդ փոփոխութիւնը երէկ որդեգրած է Ազրպէյճանի խորհրդարանը: Այսուհետեւ, նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 տարի առաջ կայացած ընտրութեան ամսուան երկրորդ չորեքշաբթի օրը:...

«Դեղին Բաճկոններ»-ու Ցոյցերը Ֆրանսային  Պատճառած Են 10 Միլիառ Եւրոյի Վնաս

«Դեղին Բաճկոններ»-ու Ցոյցերը Ֆրանսային Պատճառած Են 10 Միլիառ Եւրոյի Վնաս

Ֆրանսայի մէջ «դեղին բաճկոններ»-ու բողոքի ցոյցերու` երկրին պիւտճէին հասցուցած վնասը կը կազմէ 10 միլիառ եւրօ: Այս մասին «Էքօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ: Անոր համաձայն, այդ թիւին մէջ կը մտնեն ո՛չ միայն ցոյցերուն պատճառով յառաջացած նիւթական վնասները, այլ նաեւ այն զիջումները, որոնց Ֆրանսայի իշխանութիւնները դիմած են կիրքերը հանգստացնելու համար: Վարչապետը նշած է, որ նախագահ Էմանուէլ...

«Արաբական Երկիրներու Հետ Յարաբերութիւնները  Կը Բնականոնացնենք, Առանց Պաղեստինցիներուն Հետ Բանակցութեան Մէջ Յառաջընթացի»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Արաբական Երկիրներու Հետ Յարաբերութիւնները Կը Բնականոնացնենք, Առանց Պաղեստինցիներուն Հետ Բանակցութեան Մէջ Յառաջընթացի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Իսրայէլի դեսպաններու խորհրդաժողով»-ի ընթացքին յայտնեց. «Այն ինչոր ներկայիս տեղի կ՛ունենայ այն է, որ արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ ենք, առանց, որ պաղեստինցիներուն հետ քաղաքական հոլովոյթին մէջ յառաջդիմութիւն ըլլայ»: «Արաբական երկիրները ուժեղին հետ յարաբերութիւններ կ՛ուզեն», ըսաւ ան: «Շօշափելի փոփոխութիւն կայ: Ներկայիս Իսրայէլեան ընկերութիւններու եւ արաբական աշխարհի միջեւ յարաբերութիւններ կը ստեղծուին: Արաբական աշխարհը ջուրի, ելեկտրականութեան, առողջապահութեան...

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Սպասուող  Զինուորական Գործողութիւնը Քննարկեցի  Թրամփի Հետ, Եւ Անոր Պատասխանը Դրական Էր»

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Սպասուող Զինուորական Գործողութիւնը Քննարկեցի Թրամփի Հետ, Եւ Անոր Պատասխանը Դրական Էր»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ սպառնաց Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող քիւրտերուն դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել` ընդգծելով. «Որեւէ պահու կրնանք Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ յարձակում գործել»: Ան աւելցուց, որ այդ գործողութիւնը այնպիսի ձեւով պիտի կատարուի, որ ամերիկացի զինուորները չվնասուին: «Եթէ ահաբեկիչները Եփրատի արեւելեան ափէն չհեռանան, մենք զանոնք պիտի մղենք հեռանալու», ըսաւ ան: «Ամերիկայի հետ...

Ռիատ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի  Վերջին Որոշումները Կը Նկատէ  Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն

Ռիատ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Վերջին Որոշումները Կը Նկատէ Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի` Եմէնի պատերազմին եւ լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցերուն առնչուած վերջին որոշումները երկրին ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութիւն են եւ կը հարուածեն թագաւորութեան շրջանային ու միջազգային դերակատարութիւնը: Նախարարութիւնը մերժեց իր ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն կամ իր ղեկավարութեան` թագաւորին ու գահաժառանգին որեւէ վարկաբեկում կամ երկրին գերիշխանութեան ու վարկին որեւէ ոտնահարում:...

«Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Նոր Հանրաքուէն  Անուղղելի Վնաս Պիտի Հասցնէ  Կառավարութեան Քաղաքականութեան»  Կ՛ըսէ Մէյ

«Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Նոր Հանրաքուէն Անուղղելի Վնաս Պիտի Հասցնէ Կառավարութեան Քաղաքականութեան» Կ՛ըսէ Մէյ

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հարցին շուրջ երկրորդ հանրաքուէի կատարումը անուղղելի վնաս պիտի հասցնէ Բրիտանիոյ կառավարութեան քաղաքականութեան: Այս մասին 17 դեկտեմբերին Բրիտանիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքինմէջ ըսաւ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ: «Եկէ՛ք չխախտենք բրիտանացի ժողովուրդին տրուած խոստումը: Հերթական քուէարկութիւնը անուղղելի վնաս պիտի հասցնէ մեր քաղաքականութեան ամբողջականութեան», ըսաւ Մէյ` ընդգծելով, որ նոր հանրաքուէն ընտրողներուն մօտ հարցականի տակ պիտի դնէ «Ժողովրդավարութիւն...

Թրամփ Ստորագրեց Միջին Արեւելքի  Փոքրամասնութեանց Աջակցելու Բանաձեւը

Թրամփ Ստորագրեց Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութեանց Աջակցելու Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրեց Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած այն բանաձեւը, որուն նպատակն է երաշխաւորել Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն, եզիտիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն ամերիկեան յաւելեալ եւ ուղղակի աջակցութեանց ապահովումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը: «Այս օրէնքը շարունակութիւնն է իմ վարչակազմիս աշխատանքին, որով Ամերիկայի օգնութիւնը կ՛ուղղուի հալածուող համայնքներուն», ըսաւ ան ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին: Ստորագրութեան արարողութեան նախորդած զրոյցներուն ընթացքին արտաքին գործոց...

Պրիւքսելի Մէջ Բախումներ`  Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ

Պրիւքսելի Մէջ Բախումներ` Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ

Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի կեդրոնատեղիին առջեւ բախումներ տեղի ունեցան ներգաղթի օրէնքին դէմ բողոքող ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ: Պելճիքական ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար արցունքաբեր կազ եւ ջրշիթ մեքենաներ օգտագործեց: «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել ոստիկանութենէն պահանջած է պաշարել ցուցարարները: Աղբիւրը կը նշէ, որ ցուցարարները պահանջած են Պելճիքայի մէջ ներգաղթեալներու կարգավիճակը կարգաւորել եւ անոնց...

Սուրիոյ Տագնապին Սկիզբէն  Ի Վեր Իր Տեսակին Մէջ Առաջինը.  Սուտանի Նախագահը Այցելեց Դամասկոս

Սուրիոյ Տագնապին Սկիզբէն Ի Վեր Իր Տեսակին Մէջ Առաջինը. Սուտանի Նախագահը Այցելեց Դամասկոս

Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիր երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Սուրիոյ նախագահութիւնը հաղորդեց, որ երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ շրջանի զարգացումները: Ասատ յայտնած է, որ շարք մը արաբական երկիրներու դիմագրաւած տագնապները կը պահանջեն արաբական երկիրներու կողմէ նոր մօտեցում մը, որ հիմնուած է երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելու եւ անոնց ներքին հարցերուն...

«Թրամփ Էրտողանին Ըսած Է,  Թէ Ուաշինկթըն Կ՛աշխատի Կիւլենը  Անգարային Յանձնելու Շուրջ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թրամփ Էրտողանին Ըսած Է, Թէ Ուաշինկթըն Կ՛աշխատի Կիւլենը Անգարային Յանձնելու Շուրջ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն այժմ կ՛աշխատի Էրտողանի մոլի ընդդիմախօս Ֆեթհուլլա Կիւլենը Անգարային յանձնելու շուրջ»: Ըստ Չաւուշօղլուի, Թրամփ այս մասին յայտնած է Արժանթինի մէջ դեկտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած Քսաններու խմբակի ժողովի ընթացքին: Յիշեցնենք, որ Թրամփ նոյեմբերին յայտարարած էր, թէ Կիւլենը արտայանձնելու հարցը չի քննարկուիր:...

«Սուրիան Աւելի Քան Երբեք Վճռակամ Է  Ներխուժած Օտար Ուժերը Իր Հողերէն  Վտարելու Իրաւունքը Կիրարկելու»  Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Սուրիան Աւելի Քան Երբեք Վճռակամ Է Ներխուժած Օտար Ուժերը Իր Հողերէն Վտարելու Իրաւունքը Կիրարկելու» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիան այսօր աւելի քան երբեք վճռակամ է պայքարելու Իտլիպի մէջ եւ այլուր գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդներուն դէմ, եւ կիրարկելու ներխուժած օտար ուժերը իր հողերէն վտարելու համար ինքնապաշտպանութեան իր օրինական իրաւունքը»: Ան ըսաւ, թէ իր երկրին կառավարութիւնը, ժողովուրդն ու բանակը շատ յստակ պատկերացում ունին, թէ ո՛վ թշնամի է եւ...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց  Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Խաշոկճիի  Սպանութեան Պատասխանատուն Նկատող Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Խաշոկճիի Սպանութեան Պատասխանատուն Նկատող Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն նկատող բանաձեւը: Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը պէտք է հաստատուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, ապա ստորագրուելու համար պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Նշենք, որ վերջինս քանի մը օր առաջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր. «Կը զօրակցիմ Սէուտական Արաբիոյ...

«Թուրքիան Մուտք Պիտի Գործէ Մընպեժ,  Եթէ Ուաշինկթըն Քրտական Ուժերը  Այդ Շրջանէն Չհեռացնէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Մուտք Պիտի Գործէ Մընպեժ, Եթէ Ուաշինկթըն Քրտական Ուժերը Այդ Շրջանէն Չհեռացնէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Անգարա վճռակամ է խաղաղութիւն հաստատելու Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ: Ան զգուշացուց, որ իր երկիրը Մընպեժի մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ զինուորական գործողութիւն պիտի շղթայազերծէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ քրտական ուժերը չհեռացնեն այդ շրջանէն: Նշենք, որ «Հապեր թիւրք» հաղորդեց, որ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է երկու երկիրներու արտաքին...

Ըստ «Միտըլ Իսթ Այ»-ի.  Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը  Կը Ծրագրէ Նեթանիահուի Եւ Թրամփի  Հետ Վեհաժողով Մը Գումարել

Ըստ «Միտըլ Իսթ Այ»-ի. Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Կը Ծրագրէ Նեթանիահուի Եւ Թրամփի Հետ Վեհաժողով Մը Գումարել

Բրիտանական «Միտըլ Իսթ Այ» կայքը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը կը ծրագրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հովանաւորութեամբ վեհաժողով մը գումարել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` «ինքզինք իբրեւ խաղաղութիւն հաստատող ներկայացնելու համար»: Կայքը նշեց. «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը լրջօրէն կը փորձէ փոխել խաղի կանոնները եւ գումարել Քեմփ Տէյվիտի նման ժողով մը` հովանաւորութեամբ...

Սպիտակ Տունէն Յայտնած Են, Թէ Ո՛ր Պարագային  Պիտի Կայանայ Թրամփ-Փութին Հանդիպումը

Սպիտակ Տունէն Յայտնած Են, Թէ Ո՛ր Պարագային Պիտի Կայանայ Թրամփ-Փութին Հանդիպումը

ստեղծուած իրավիճակը չէ լուծուած: «Տը Հիլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թրամփի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն: «Այնքան ատեն որ ուքրանական նաւերը եւ անոնց անձնակազմերը կը շարունակեն անազատութեան մէջ գտնուիլ, մօտիկ ապագային երկու ղեկավարներուն միջեւ հանդիպման հաւանականութիւն չեմ տեսներ», ըսած է Պոլթըն: Յիշեցնենք, որ 25 նոյեմբերի առաւօտեան Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ ծովուժին...

«Ազովի Ծովուն Մէջ Իրավիճակի  Լարուածութիւնը Ոչ Ոքի Շահերէն Կը Բխի»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«Ազովի Ծովուն Մէջ Իրավիճակի Լարուածութիւնը Ոչ Ոքի Շահերէն Կը Բխի» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Ազովի ծովուն մէջ իրավիճակի լարուածութիւնը ոչ ոքի շահերէն կը բխի: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ` մեկնաբանելով Քերչի նեղուցին մէջ ռուս-ուքրանական լարուածութիւնը: Սթոլթենպերկ այս մասին խօսած է Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի հետ հանդիպումի ընթացքին: «Լարուածութիւնը այժմ ոչ ոքի շահերէն կը բխի», ըսած է ան` ընդգծելով, որ Ուքրանիան բաւական զուսպ արձագանգած...

Փենթակոն. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ  Միակողմանի Որեւէ Զինուորական  Գործողութիւն Անընդունելի Է»

Փենթակոն. «Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Միակողմանի Որեւէ Զինուորական Գործողութիւն Անընդունելի Է»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի չորեքշաբթի օր կատարած այն յայտարարութենէն ետք, թէ թրքական զինեալ ուժեր երկու օրէն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործողութիւն մը պիտի շղթայազերծեն քիւրտերուն դէմ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ միակողմանի գործողութիւն մտահոգիչ է եւ անընդունելի: «Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններու որեւէ կողմին մէջ միակողմանի զինուորական գործողութիւնները անընդունելի են, եւ մեզ խիստ կը մտահոգէ այն...

Սթոքհոլմի Մէջ Եմէնի  Շուրջ Համաձայնութիւն

Սթոքհոլմի Մէջ Եմէնի Շուրջ Համաձայնութիւն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Եմէնի հարցին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին կարելի եղած է կարեւոր արդիւնքներու հասնիլ: Ան յայտնեց, որ երկրի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Հտէյտա օդակայանին եւ Թաազ նահանգին մէջ դիւրութիւններ ընծայելու շուրջ յատուկ համաձայնութիւններ գոյացած են: Կութիերես յայտնեց, որ անհրաժեշտ է քննարկումները շարունակել Եմէնի տագնապի քաղաքական լուծման հասնելու համար`...

«ՍՈՒԻՖԹ» Իր Համակարգէն Անջատած Է Իրանի  Կեդրոնական Դրամատունն  Ու Այլ Ելեւմտական Հաստատութիւնները

«ՍՈՒԻՖԹ» Իր Համակարգէն Անջատած Է Իրանի Կեդրոնական Դրամատունն Ու Այլ Ելեւմտական Հաստատութիւնները

Տեղեկութեան փոխանցման ու վճարումներու կատարման ծառայութիւններ տրամադրող ՍՈՒԻՖԹ ընկերութիւնը իր համակարգէն անջատած է Իրանի կեդրոնական դրամատունն ու այլ ելեւմտական հաստատութիւնները: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Սիկալ Մանտըլքերը: «Մենք հաւատացած ենք, որ ՍՈՒԻՖԹ-ը ճիշդ որոշում տուած է: Իրա՛ն, դուն տակաւին մեզմէ շատ բան պիտի տեսնես», ըսած է պաշտօնատարը` նկատի ունենալով Ուաշինկթընի կողմէ...

«Էս-400 Թրայըմֆ»-ի Նոր Զօրամասը  Մինչեւ Տարեվերջ Հերթապահութիւն  Պիտի Կատարէ Խրիմի Մէջ

«Էս-400 Թրայըմֆ»-ի Նոր Զօրամասը Մինչեւ Տարեվերջ Հերթապահութիւն Պիտի Կատարէ Խրիմի Մէջ

Ռուսական նորագոյն «Էս-400 Թրայըմֆ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու յաւելեալ զօրամաս մը մինչեւ այս տարուան վերջը մարտական հերթապահութիւն պիտի կատարէ Խրիմի տարածքին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վատիմ Ասթաֆեւ: Ան նշած է, որ նոր սպառազինութիւնը պիտի փոխարինէ գոյութիւն ունեցող զօրամասը, ատիկա տեղի պիտի ունենայ վերազինման ծիրին մէջ: Նոր...

Page 558 of 884 1 … 557 558 559 … 884

Արխիւներ