Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան երկու աշխատակիցներու դէմ հետաքննութիւն սկսած է` Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Կիւլենական կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու պնդումին համար:
Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին, թուրք պաշտօնեաներ Ճեմ Ուլուսէոյ եւ Ճելիլ Էրտողան կանչուած են հարցաքննութեան` դեսպանատան աշխատանքի ժամանակահատուածի ընթացքին:
Դեսպանատունը մերժած է այլ մանրամասնութիւններ տրամադրել: