«Սքայ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ երէկ երեկոյեան ֆրանսական ոստիկանութիւնը բախում մը ունեցած է զինեալի մը հետ, որ Սթրազպուրկ քաղաքի կեդրոնին մէջ յարձակում մը գործած էր:
Զինեալ յարձակումին ընթացքին արձանագրուած է 4 զոհ:
Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, զինեալը վիրաւորուած է ոստիկանութեան հետ բախումի ընթացքին:



