Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի մտադիր է Եւրատլանտեան համարկումի հարցին մէջ Վրաստանի ամէնէն աշխուժ նախագահը դառնալ: Այդ մասին ան յայտնած է «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութեան իր տուած հարցազրոյցին մէջ:
«Այդ վեց տարիները շատ կարեւոր պիտի ըլլան Վրաստանի համար, որ կը շարժի դէպի Եւրոպա, Եւրոպական Միութիւն, ՕԹԱՆ: Այդ ընթացքին մենք պէտք է որքան կարելի է մօտենանք ատոր, կամ համարկուինք ամբողջութեամբ: Եւ ես այդ հարցին մէջ պիտի ըլլամ ամէնէն աշխուժ նախագահը», ըսած է ան` ընդգծելով, որ իր նպատակը երկիրը Եւրոպական Միութիւն ու ՕԹԱՆ «հասցնելն» է:
Զուրապիշվիլի «Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Զիս Վրաստանի նախագահի պաշտօնին ընտրած են այն երկրի բնակիչները, որուն համար շատ կարեւոր է վերադարձը եւրոպական ընտանիք եւ եւրոպական համարկում: Պաշտօնավարութեանս ընթացքին իմ ամբողջ փորձառութիւնս պիտի օգտագործեմ, որ Վրաստանը առաւելագոյնս մօտենայ Եւրոպական Միութեան կամ դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ»:
Յիշեցնենք, որ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող անկախ թեկնածու Զուրապիշվիլի 28 նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլին յաղթանակ արձանագրած էր: Ան ապահոված էր քուէներուն 59,52 առ հարիւրը, Միխայիլ Սահակաշվիլիի կողմնակիցներու «Միասնական ազգային շարժում» կուսակցութենէն անոր մրցակից Կրիկոլ Վաշածէն ստացած է քուէներուն 40,48 առ հարիւրը:
Նոր նախագահի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 16 դեկտեմբերին, Զուրապիշվիլին այդ պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2024-ի աշուն:



