Վենեզուելայի մէջ գիները աճած են 1,3 միլիոն առ հարիւրով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող խորհրդարանի յայտարարութիւնը:
Նախապէս Միջազգային դրամական ֆոնտը նախատեսած էր, որ 2018-ին Վենեզուելայի մէջ գնաճը 1 միլիոն առ հարիւր պիտի ըլլայ, իսկ յաջորդ տարի` 10 միլիոն առ հարիւր:
Վենեզուելայի խորհրդարանի տուեալներուն համաձայն, նոյեմբերին գնաճը 144 առ հարիւր եղած է` սեպտեմբեր ամսուան 233 առ հարիւրի համեմատ:
Երկրի նախագահ Նիքոլա Մատուրօ անցեալ ամիս երկրին մէջ նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացուցած էր 150 առ հարիւրով` զայն դարձնելով 4500 պոլիվար:
Քաղաքացիները դժգոհած են, որ ձեռնարկուած քայլերէն անկախ, չեն կրնար առաջնակարգ անհրաժեշտութեան ապրանքներ գնել:
Մատուրօ Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային դրութեան համար մեղադրած է Միացեալ Նահանգներուն եւ ընկերութիւններուն կողմէ վարուած «տնտեսական պատերազմ»ը: