Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի սպառնացած է 27 վայրկեանի ընթացքին ոչնչացնել ուքրանական բանակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Օպոզվերաթել» օրաթերթը, որ կը նշէ, թէ այս տարուան սեպտեմբերի սկիզբը Ժիրինովսքին յայտարարած էր, որ ատոր համար Ռուսիոյ բաւարար է 5 վայրկեանը:
«Հիթլերը ստեղծեց «Կալիչինա» զօրամասը: Որքա՞ն անիկա պատերազմեցաւ, երբ բախում ունեցաւ խորհրդային բանակին հետ: 27 վայրկեան: Վե՛րջ: Իսկ (Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար) Աւաքովն ու միւս նախարարները (Ուքրանիոյ նախագահ) Փորոշենքոյի հարցումին, թէ ե՞րբ պիտի աւարտի պատերազմը, կը պատասխանեն` «Երեք օր»: Ի՞նչ երեք օր: 27 վայրկեան, եւ ուքրանական այդ բանակէն ոչինչ պիտի մնայ», ըսած է Ժիրինովսքի:
Բացի ատկէ, ռուս քաղաքական գործիչը նկատած է, որ զինուորական դրութիւն սահմանելով` Ուքրանիան փաստացի պատերազմով կը սպառնայ Ռուսիոյ:
«Փաստացիօրէն ասիկա ներքին զօրակոչի սկիզբ է: Երբ ռուս ցարը զօրակոչ յայտարարեց ,գերմանացի կայսրը ըսաւ` «Ջնջեցէ՛ք զօրակոչը»: Ջնջեցին, ան պատերազմ յայտարարեց: Ահա եւ մենք հիմա պէտք է պահանջենք ջնջել Ուքրանիոյ մէջ զօրակոչը, որովհետեւ մենք պիտի ոչնչացնենք ուքրանական զինեալ ուժերը», յայտարարած է Ժիրինովսքի:



